ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութիւն» կայանի «Ֆէյսպուքեան Ասուլիս» հաղորդաշարին ընթացքին Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հաստատեց, որ ի վերջոյ Արցախի եւ Հայաստանի վերամիաւորումը պէտք է իրականանայ:
«Հայաստանի անկախութեան հռչակագրում հէնց Արցախի հետ վերամիաւորման գաղափարն է դրուած, ինչպէս նաեւ՝ Արցախեան պայքարի ամբողջ փիլիսոփայութիւնը եղել է վերամիաւորումը, վերամիաւորման մտքով է սկսուել ամբողջ պայքարը», ըսաւ Գրիգորեան՝ աւելցնելով, որ Արցախ գործնականօրէն շատ առումներով արդէն միաւորուած է Հայաստանի հետ՝ լեզուէն եւ դրամէն սկսեալ ու շատ այլ բաներով վերջացած:
«Ես կարծում եմ, որ երկարաժամկէտ ինչպիսի արդիւնք էլ լինի, վերջնաժամկէտում լինելու է Հայաստանի եւ Արցախի վերամիաւորումը», ըսաւ Գրիգորեան՝ զչուշացնելով, որ այս հարցին արագ լուծում տալը դժուար է, բայց կարեւոր է այն, որ «նպատակը դա է»: