ՀՌՈՄ, «Սի.Էն.Էն.».- Հիւսիսային Իտալիոյ Ճենօա քաղաքին մէջ, 14 Օգոստոսին պատահած կամուրջի մը փլուզումը առնուազն 35 զոհ խլեց։ Կան նաեւ մեծ թիւով վիրաւորներ: Միջադէպին պատճառը ցարդ յայտնէ չէ, սակայն 1960ականներուն կառուցուած կամուրջին վրայ շինարարական աշխատանք կը կատարուէր։ Իտալիայէն Ֆրանսա տանող ճամբուն վրայ գտնուող այս կամուրջը 2016ին նոյնպէս վերանորոգման ենթարկուած էր: