Այսուհետեւ mobile ծրագրաւորողները կրնան Հայաստանէն «Android Google Play»ի մէջ տեղադրել եւ վաճառել իրենց ստեղծած յաւելուածները:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան, կապի եւ տեղեկատուական ար-հեստագիտութիւններու նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ մինչ այժմ հայ ծրագրաւորողները հնարաւորութիւն ունէին «Google Play»ի մէջ տեղադրելու անվճար յաւելուածներ, որոնք հասանելի էին ամբողջ աշխարհին: Սակայն, վճարովի յաւելուած, որ կրնայ պարունակել ներյաւելուածային գնումներ (in-app purchase), Հայաստանի մէջ բացուած ծրագրաւորողի հաշիւները (Developer account) չէին կրնար տեղադրել, որովհետեւ Հայաստանը ընդգրկուած չէր Google-ի կողմէ արտօնուած երկիրներու ցանկին մէջ: Տեղական ընկերութիւնները ստիպուած կ՛ըլլային այլ երկիրներու մէջ բանալու «Developer account» եւ հարկ վճարելու այլ երկիրներու մէջ իրականացած վաճառքներուն դիմաց: Դժուարութիւններ կը յայտնուէին նաեւ գումարը ստանալու ընթացքին, որովհետեւ «Google»ը գումարը կ՛ուղարկէր միայն տուեալ երկրին մէջ բացուած դրամատնային հաշիւներուն:
Հայ մասնագէտները բազաթիւ անգամներ բողոքած էին այս անյարմարութեան մասին: Հայաստանի զբօսաշրջութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան եւ «Google» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ նախորդ տարուընէ արդէն բանակցութիւններ կ՛ընթանային այս ուղղութեամբ:
Վերջապէս, անցեալ շաբաթ, այդ բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտեցան: Հայաստանի մէջ արձանագրուած ընկերութիւնները կրնան վաճառել իրենց յաւելուածները «Google Play»ի մէջ եւ ստանալ եկամուտներ:
Այս հարցը իրական խոչընդոտ էր հայ ծրագրաւորողներու համար: Անոր վերացման իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի մէջ արտադրուող mobile յաւելուածներուն թիւը այսուհետեւ պիտի աճի եւ միջազգային շուկային մէջ անոնց սպառման ծաւալները պիտի աւելնան: