ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 1ի հարցով պիտի հարցաքննուի նաեւ Սերժ Սարգսեանը, կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարեց Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան։ «Պիտի հարցաքննուին բոլոր անոնք, որոնք այս գործին հետ առընչութիւն ունեցած են, բոլորը՝ առանց բացառութեան: Պիտի հարցաքննուի նաեւ Սերժ Սարգսեանը»:
Պատասխանելով հարցումին, թէ ե՛րբ կը հարցաքննուի երրորդ նախագահը՝ Սասուն Խաչատրեան ըսաւ. «Մեկնելով քննութեան անհրաժեշտութենէն՝ այդ մէկը կ՛որոշէ քննիչը: Քննիչը կ՛որոշէ, թէ զո՛վ, ե՛րբ եւ ի՞նչ հարցերու շուրջ կը հարցաքննէ: Անիկա քննութեան թաքթիք է, եւ քննիչը ինք պէտք է ծրագրէ իր գործողութիւնները, որպէսզի հարցաքննութիւնը ըլլայ արդիւնաւէտ: Հարցաքննութիւնը ինքնանպատակ չէ, հարցաքննութեան նպատակը որոշ տուեալներ ձեռք բերել է»: