ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան՝ բանակցութիւններուն չմասնակցիլը կը խօսի այն մասին, որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ Ղարաբաղի հիմնահարցի գծով կարգաւորման երթալու:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ խօսելով Արցախի Հանրապետութեան բանակցային գործընթացին մասին, նման տեսակէտ յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
«Բանակցային գործընթացին մէջ, դժբախտաբար, ոչ այնքան լաւ ժամանակներ են այս պահուն: Մեզի համար փակուղային իրավիճակ է եւ շատ դժուար է կանխատեսել, թէ ի՛նչ լրացուցիչ զարկերակներով կարելի է խթանել բանակցային գործընթացը: Մենք ունինք երկու հիմնական հարցեր, որոնցմէ մէկը խորքային է՝ բանակցային գործընթացին մէջ շատոնց խախտած է ձեւաչափը: 1997-1998 թուականներէն ետք, բանակցային ձեւաչափը աղճատուած է, այսինքն Արցախի Հանրապետութիւնը չի մասնակցիր բանակցութիւններուն, ապա բանակցութիւնները ընդհանրապէս փոխած են իրենց ընդհանուր կառուցուածքը եւ, եթէ մինչ այդ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են աշխոյժ երկխօսութեան ճանապարհով, այսօր, սակայն, ամէն ինչ փոխուած է՝ անցած են մաքոքային դիւանագիտութեան, այսինքն՝ միջնորդները այցելութիւն կու տան բոլոր կողմերուն», յայտնեց Ղուլեան:
Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ առանձնացուց այլ հարց մը. «Ատրպէյճան կը փորձէ հարցի սրացումներ ձեռնարկել Հայաստանի հետ սահմանի տարբեր կէտերու վրայ: Այս ամէնը միջոցներ են՝ արդարացնելու ատրպէյճանական այն կարծրատիպը, որմով կը փորձեն ցոյց տալ, թէ հարցը հայաստանա-ատրպէյճանական է: Բացի եռակողմ հանդիպումէն, կը կարծեմ, այլ տարբերակ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ շատոնց ղարաբաղեան հիմնահարցի բանակցային գործընթացը պաշտօնապէս հաստատուած է փաստաթուղթերով՝ ամենաբարձրը ԵԱՀԿի Պուտափէշտի գագաթնաժողովն է», նշեց Ղուլեան:
Ան վստահեցուց, որ կան փաստաթուղթեր, որոնց համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին անհերքելի է: Բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցութեան հարցին՝ Ատրպէյճանի պատասխանէն շատ պարզ կը դառնայ, թէ իրենք կ՛ուզեն իրական կարգաւորում, թէ կը փորձեն են յետաձգել հիմնահարցին կարգաւորումը: «Չի կրնար հակամարտութեան գլխաւոր կողմը հեռացուած կամ մէկ կողմ քաշուած ըլլալ բանակցութիւններու սեղանէն», ըսաւ Աշոտ Ղուլեան:
Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Մայիսին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին ըսած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար ամենակարեւոր մասը կը համարէ ճիշդ ձեւաչափով բանակցութիւնները, որոնց պէտք է անպայման մասնակցութիւն ունենայ նաեւ Արցախը: