ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու ընտրական ցանկերու արձանագրութիւնը աւարտեցաւ 29 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6ին:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը տեղեկացնէ, որ սահմանուած ժամկէտին արձանագրութեան համար փաստաթուղթեր ներկայացուցած են 9 կուսակցութիւններ եւ կուսակցութիւններու 4 դաշինքներ: Արձանագրուելու փաստաթուղթ ներկայացուցած են՝ Ռեֆորմիստներու եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնները, «Լոյս», «Իմ Քայլը» եւ «Երեւանցիներ» կուսակցութիւններու դաշինքները, Երեւանի հանրութիւն կուսակցութիւններու դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայք» (Հայկազուններ), Հայաստանի Ժողովրդավարական Ազատական միութիւն, «Երկիր Ծիրանի», «Ժողովրդական Ուղի», «Օրինաց Երկիր» եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները: