ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր», «Մարմարա».- Յայտնի իրաւապաշտպան, գրող, հրատարակիչ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շարք մը հրատարակութիւններ կատարած Ռակըպ Զարաքօլուի դէմ վերջերս կայացաւ «կարմիր հրամանագիր»ով ձերբակալութեան որոշում, որուն հիման վրայ գրագէտին համար կը պահանջուի 5էն 10 տարուան բանտարկութեան պատիժ։
Այս որոշումով, Զարաքօլու ընդգրկուած է Թուրքիոյ համար ամենավտանգաւոր յանցագործներու՝ «կարմիր ցանկ»ին մէջ, որուն հիման վրայ՝ Թուրքիա Շուէտէն պահանջած է արտայանձնել մտաւորականը:
Ինչպէս ծանօթ է, Զարաքօլու 2011ի Հոկտեմբերին ձերբակալուած էր «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը օժանդակելու» յանցանքով, իսկ 2012ի Ապրիլին պայմանականօրէն ազատ արձակուած էր։
«Պիլկէ» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն Զարաքօլուի «յանցանք»ն էր քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան մէկ հաւաքին բացման խօսք կատարելը։
Վեց տարի ետք, Զարաքօլուի հարցը՝ այս անգամ այլ ատեանի մը ներկայացուած է, նո՛յն յանցանքին համար։ Զարաքօլու 2013էն ի վեր Շուէտ կ՛ապրի եւ նշեալ դատավարութեան նիստերուն չէր մասնակցած։
Զարաքօլու այս որոշումը որակեց «անհանգստութեան արտայայտութիւն»։ Ան ըսաւ. «Այս կը նշանակէ, որ մարդկային իրաւանց, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, խօսքի ազատութեան եւ խաղաղութիւնը պահպանելու համար իմ ունեցած արտայայտութիւնները կարգ մը անձերու անհանգստութիւն պատճառեցին։ Թո՛ղ անհանգստանան։ Ես ճամբաս պիտի շարունակեմ»։
Յիշեցնենք, որ Զարաքօլու 2011ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ պարգեւատրուած է Յակոբ Մեղապարտի անուան շքանշանով։