ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար» թերթը կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը Սեպտեմբեր 10ին, դէպի Հալէպի հիւսիսային գիւղերը մեծաթիւ զօրագունդեր ուղարկած է՝ նախապատրաստուելու համար նշեալ շրջաններու ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ ծաւալուն յարձակումին եւ այդ շրջաններու ազատագրման։
Նշենք, որ այնտեղ կայք հաստատած են գլխաւորաբար «Նուսրա ճակատ» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները եւ թրքական ներխուժման մասնակցած զինուորներ:
Միւս կողմէ, սուրիական բանակի միաւորները շարունակած են ռմակոծել Իտլիպի հարաւային եւ Համայի հիւսիսային գիւղերուն մէջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դիրքերը:
Հալէպէն զինուորական աղբիւր մը «Ուաթան»ին յայտնած է, որ վերջին օրերուն, սուրիական բանակը ամբողջութեամբ ազատագրած է Իտլիպ նահանգին սահմանակից՝ Հալէպ նահանգի հարաւ-արեւմտեան եւ արեւմտեան շրջանները:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով ըսաւ, որ «ահաբեկչական աւազակախումբ մը» Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտին կը շահագործէ եւ իր դիրքերոը կ՛ամրապնդէ։ «Ահաբեկիչները յարձակումներ կը գործեն քաղաքայիններու վրայ եւ կը հարուածեն ռուսական զինեալ ուժերու դիրքերը», հաստատեց ան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ յայտնեց, որ Մոսկուա լրջութեամբ կը մօտնենայ Իտլիպի մէջ անհամաչափ ուժ չգործածելու մասին Անգարայի կատարած կոչերուն: Անդրադառնալով Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ գործողութեան՝ Սիրոմոլոթով ըսաւ. «Մենք այդ առաքելութիւնը կը կատարենք Ասթանայի ձեւաչափով մեր գործընկերներուն հետ համատեղ, հիմնականին մէջ՝ Թուրքիոյ հետ»:
Մինչ այդ, բրիտանացի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք «Ինտիփենտընթ» թերթի Սեպտեմբեր 10ի իր սիւնակին մէջ գրած է, թէ անցած շաբաթավերջին անցած է «ահաբեկիչներու աղբաման»ի վերածուած Իտլիպ նահանգի սահմաններէն՝ փորձելով իր աչքերով տեսնել հոն ակնկալուող սուրիական եւ ռուսական լայնածաւալ յարձակումին փաստերը։

Քեսապէն սկսած իր 300 մղոննոց «շրջապտոյտ»ին ընթացքին, Ֆիսք պարբերաբար ռմբակոծումներ լսած է, սակայն չէ տեսած քիմիական զէնքերով յարձակումի մը նախապատրաստութեան փաստեր, կամ՝ սուրիական ուժերու հսկայ կուտակումներ։ Ան միաժամանակ կ՛ընդունի, որ ռազմական ուժերը կրնան այդ շրջանի բազմաթիւ բլուրներուն կամ հովիտներուն մէջ պահուըտած ըլլալ։ Ֆիսք նաեւ ականատես եղած է «Թուրքիոյ աջակցութեամբ Սուրիա հասած» իսլամ ծայրայեղականներուն պատճառած աւերներուն եւ եկեղեցիներու ու մզկիթներու սրբապղծումներուն։ Լրագրողը իր յօդուածը կ՛աւարտէ հետեւեալ տողով. «Հիւսիսային ճակատը ամբողջութեամբ խաղաղ չէ՛, սակայն ճակատումը տակաւին չէ սկսած»։
Վերջապէս, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ամերիկեան «Ուորլտ Սթրիթ Ճըրնըլ» թերթին մէջ՝ «Աշխարհը Պէտք Է Կասեցնէ Ասատը» խորագրեալ յօդուած մը հրապարակած է՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու Իտլիպի դէմ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ Ռուսիոյ կողմէ կատարուող ռազմական գործողութիւններուն վրայ, սակայն՝ «մոռնալով» յիշեցնել, թէ այդ շրջանը ահաբեկիչներու որջի վերածելու ջանքերուն մէջ գլխաւոր դերակատարը նոյնինքն Թուրքիա՛ն էր։