ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հռչակաւոր դաշնակահար եւ երգահան Տիգրան Համասեան Կիրակի, Հոկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 5ին ելոյթ պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ:
Համալսարանի Կատարողական արուեստի կեդրոնի (CAP) «Ռոյս» սրահին մէջ կայանալիք համերգին ընթացքին պիտի հնչեն Համասեանի նորագոյն ալպոմին՝ «Ձօն Գիւմրուն» գործերը:
Համերգի հասոյթին 10 տոկոսը պիտի նուիրուի Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամին (COAF):
Այս մասին, Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն տոքթ. Կարօ Արմէն կը յայտնէ. «Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամի առաջատար դերը գիւղական համայնքներու զարգացման գործում յատկապէս ամրապնդուեց Լոռու մարզում տեխնոլոգիապէս նորարար ՍՄԱՐԹ կենտրոնի բացմամբ: Մենք բարձր ենք գնահատում CAP UCLA-ի հետ գործընկերային համագործակցութիւնները՝ հիմնուած նոյն արժէքների ու առաքելութեան վրայ: Շնորհակալ ենք, որ համերգի հասոյթից՝ COAF-ին նուիրատուութիւն են անում: Յատկապէս շնորհակալ ենք Տիգրան Համասեանին՝ հայրենիքում երեխաների կեանքի որակը բարձրացնելու ուղղութեամբ ներդրուող ջանքերի համար»։
Հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ իր տնօրէններու խորհուրդը կը հոգայ հիմնադրամի բոլոր վարչական ծախսերը, իսկ բարերարներուն նուիրատուութիւնը 100 տոկոսով կը տրամադրուի ծրագիրներու իրագործման:
Դաշնակահար Տիգրան Համասեան միշտ փորձած է Հայաստանի մէջ դրական փոփոխութիւններ բերել իր նուիրումով, եւ այս անգամ Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամին միջոցաւ կը բերէ իր ներդրումը:
Երաժիշտ, յօրինող, ծնունդով գիւմրեցի Տիգրան Համասեան հռչակուած է իբրեւ իր սերունդի ամենանշանակալի ու իւրօրինակ ճեզ-ռաքի դաշնակահարներէն մէկը: Ան աննկարագրելի վարպետութեամբ կը ձուլէ ճազային յօրինումները եւ ժողովրդական երաժշտութիւնը:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովեու համար, այցելել https://cap.ucla.edu/calendar/details/tigran_hamasyan կայքէջը։