Ատրպէյճանական զօրքին 20 հազարնոց խմբաւորման շուրջ մէկ երրորդը չէ վերադարձած թիկունք՝ մնալով սահմանին մօտ:
Արցախի հետ սահմանին կատարած լայնածաւալ զօրավարժութիւններէն ետք Ատրպէյճան որոշած է զօրքին մէկ մասը ետ չտանիլ մշտական տեղակայման վայր: Փորձագէտներ համոզուած են, որ Պաքու կը սպասէ հայաստանեան զարգացումներուն: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան «Սփութնիք Արմէնիա»ին յայտնեց, որ ընդհանուր առմամբ իրավիճակը վերահսկելի է, կարելի է ըսել՝ կայուն:
«Ճիշդ է, որ Ատրպէյճանի մէջ վերջերս կատարուած զօրավարժութիւններէն ետք ատրպէյճանական բանակի ոչ բոլոր ստորաբաժանումները ետ քաշուած են իրենց մշտական տեղակայման վայրերը, բայց իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է, եւ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ իր ձեռքերուն մէջ ամուր պահել ռազմավարական նախաձեռնողականութիւնը», ըսաւ Բաբայեան:
Ըստ վերրջինիս՝ այս մէկը ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ վերջին անգամն է, որ Ատրպէյճան այսպէս կը վարուի:
Թէեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը վերջին շրջանին կոչ ուղղած էր կողմերուն՝ զերծ մնալու ապակայունացումէ, հասկնալի է, որ անոնց կոչը, առաջին հերթին, կը վերաբերի Պաքուին:
Բաբայեան նշեց, որ նման յայտարարութիւններէ ետք Ատրպէյճան, շատ հաւանաբար, պէտք է ետ քաշէ ուժերը սահմանագիծէն: Ան ճիշդ չի համարեր համեմատել իրավիճակը 2016ի Ապրիլի հետ, որուն համար Ատրպէյճան պատրաստուած էր աւելի քան 20 տարի:
«Ատրպէյճան այդ ժամանակ մտածած էր, որ մենք պատրաստ չենք, հասարակութիւնը համախմբուած չէ, եւ փորձեց սրընթաց պատերազմի միջոցով հարցը կարգաւորել: Բայց որովհետեւ ստացաւ համապատասխան հակահարուած, եւ ձախողեցան անոր նենգ ծրագիրները, հիմա դարձեալ նման պատերազմ սկսիլը հեռանակարային չէ, անիկա ի վիճակի չէ այդ մէկը ընելու», ըսաւ Բաբայեան:
Քաղաքագէտ Երուանդ Պօզոյեան կը կարծէ, որ Ատրպէյճան կը հետեւի Հայաստանի մէջ ստեղծուած անհանգիստ ներքին իրավիճակին եւ ամէն պարագայի մարտական պատրաստուածութեան վիճակի մէջ կը պահէ ուժերը:
«Ատրպէյճան կ՛ուզէ պատրաստ ըլլալ, որպէսզի Հայաստանի անկայունութեան X ժամու կարենայ հատել կարմիր գիծը, եւ կարենան յարձակիլ», ըսաւ Պօզոյեան: Ըստ վերջինիս՝ մօտաւորապէս նման պայմաններէ օգտուած էր Հայաստան 90ականներու սկիզբը, երբ Ատրպէյճանի մէջ Ապուլֆազ Էլչիպէյի կառավարման ընթացքին սկսած էր իշխանութեան համար պայքարը:
Ան նշեց, որ Հայաստան շահագործած էր նաեւ Ռուսիոյ հետ Էլչիպէյի վատթարացած յարաբերութիւնները: Հայ զինուորներու անձնազոհ պայքարին զուգահեռ, ատիկա իր դերը խաղաց հակամարտութիւններուն ընթացքին:
«Ատրպէյճան կը կարծէ, որ Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան նոյնպիսի գործընթացներ: Ճիշդ այդ պատճառով անոնք մեծ ուժեր պատրաստ կը պահեն», նշեց Պօզոյեան:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 17-22, Ատրպէյճանի մէջ զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումները իրականացուցին լայնածաւալ մարտավարական զօրավարժութիւն, որմէ ետք ատրպէյճանական բանակի ոչ բոլոր ստորաբաժանումները ետ քաշուեցան իրենց մշտական տեղակայման վայրերը: