ԼՈՆՏՈՆ.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն՝ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Կեւին Ուիլիըմսըն յայտարարած է, որ Բրիտանիա ռազմակայան մը կը հաստատէ Նորվեկիոյ տարածքին մէջ: Ըստ անոր՝ 2019ին Նորվեկիոյ տարածքին մէջ պիտի տեղակայուին մօտաւորապէս 800 բրիտանացի զինուորներ:
«Սանտէյ Էքսփրէս» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ուիլիըմսըն յայտնած է, որ այդ քայլը կ՛իրականացուի «Հիւսիսային Բեւեռը ռուսական վտանգէն պաշտպանելու ռազմավարութեան ծիրին մէջ»:
Ըստ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Նորվեկիոյ ափերուն մօտ ռուսական սուզանաւերու գործունէութեան մակարդակը սկսած է մօտենալու Պաղ պատերազմի օրերու ցուցանիշներուն:
Նոր ռազմակայանին մէջ պիտի տեղակայուին նաեւ ամերիկացի, հոլանտացի եւ նորվեկիացի զինուորներ: Զինուորներուն ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 3000: