ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2018ին, կէսօրէն ետք ժամը 5ին, Կլենտէյլի Willson Middle School հանդիսասրահին մէջ տօնախմբուեցաւ ՀՕՄի օրը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան Բ. քարտուղար Գան Յովհաննիսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ օրուան գլխաւոր բանախօս դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Կարօ Իսբէնճեան եւ Ռազմիկ Հարուն, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեդա Սիմոնեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամ Արամ Երեմեան, բազմաթիւ հիւրեր, համակիրներ եւ ՀՕՄի անդամներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան դրօշակակիրներուն կատարած դրօշակի արարողութեամբ: Ամերիկայի քայլերգը գեղեցկօրէն մեներգեց Սուրէն Հազարեան, իսկ Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգները խմբերգեցին ՀՕՄի տարբեր մասնաճիւղերու վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ՝ խմբավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսինէ Մելիքսէթեանի:
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեցին վաստակաշատ ուսուցչուհի եւ ՀՕՄի անդամ Սոնա Մատարեան եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտ Արա Եագուպեան: Անոնք գեղեցկօրէն ներկայացնելով օրուան յայտագիրը՝ մէջ ընդ մէջ իմաստալից խօսքերով եւ լօզունգներով ներկայացուցին ՀՕՄի առաքելութիւնը եւ հետապնդած նպատակները:
Առաջին հերթին, Նանօր եւ Ծովակ Սէրայտարեան քոյրերը ջութակով հարազատօրէն ներկայացուցին Կոմիտասի «Երկինք Ամպել Ա» եւ «Կռունկ» ստեղծագործութիւնները, դաշնակի ընկերակցութեամբ իրենց հօր՝ Յովիկին: Ապա, պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի ղեկավարած Համազգայինի «Անի» պարախումբի նազաշուք աղջիկները ներկայացուցին «Երեւան» եւ «Վարդագոյն Աղջիկներ» պարերը, մեծապէս հմայելով ներկաները:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութեան նոր նշանակուած երկրորդ քարտուղար Գանա Յովհաննիսեանը, որ բարձր գնահատելով ՀՕՄի գործունէութիւնը ըսաւ. «Երախտագիտութեամբ եմ ուզում յիշատակել ՀՕՄուհիների կատարած հսկայածաւալ աշխատանքը: Լինում է միայն սիրով ձեզ մաղթել անսպառ երանդ, նորանոր յաջողութիւններ եւ ամէնակարեւորը բարձրեալի առաջնորդոթիւնն ու հովանին լինի միշտ ձեզ ուղեկից»:
Այնուհետեւ, ցուցադրուեցաւ շրջանի ՀՕՄի 35ամեայ բեղուն գործունէութիւնը արտացոլող ժապաւէնը, որմէ ետք ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Մարալ Թուլումեան, որուն խօսքաը կու տանք առանձին:
Թուլումեանի պատգամէն ետք «Էլէմընթ» նուագախումբի սիրուած երգիչ Դրօ Գրիգորեան, կիթառի ընկերակցութեամբ նոյն նուագախումբի ղեկավար Արա Տապանճեանի՝ աստուածատուր իր ձայնով մեկնաբանեց երկու ազգային երգեր, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան. (ընկերոջ պատգամը կը հրապարակենք առանձին):
Եագուպեանի տպաւորիչ պատգամէն ետք յայտագիրը շարունակուեցաւ ՀՕՄի վարժարաններու աշակերտութեան «Սարտարապատ» երգի խմբերգումով, որ Սարդարապատի մարտի յաղթական շունչով ներկայացուեցաւ, ապա «Անի» պարախումբը ներկայացուց Արցախի ազատագրական պայքարի հերոսական յաղթանակները ներկայացնող «Արցախ» պարը: Ստեղծուած ոգեւորիչ մթնոլորտին յաջորդեց ծանօթ ասմունքող Մարալ Վարժապետեանի ելոյթը: Ան ներկաներուն հրամցուց ծաղկաքաղ մը Ալիսիա Կիրակոսեանի ազգայնաշունչ քերթուածներէն: Գեղեցիկ եւ հարազատութեամբ ներկայացուած ասմունքին ընթացքին ներկաները քար լռութեամբ եւ հմայուած՝ հետեւեցան անոր: Ապա, դարձեալ ելոյթ ունենալով «Անի» պարախումբը ներկայացուց «Հօյ Նազան» պարը։
Ձեռնարկի վերջին բաժինով բեմ հրաւիրուեցաւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ վեր առնելով Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութիւնը շրջանէն ներս՝ իր գնահատանքը արտայայտեց եւ իբրեւ ուրախալի երեւոյթ, նշեց այն մասնաճիւղերուն անունները, որոնք իրենց յոբելեանները տօնախմբած էին: Առաջնորդ հայրը առանձնացնելով ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը՝ բարձր գնահատեց անոր 100ամեայ գործունէութիւնը եւ առ ի գնահատանք օրհնագիր մը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեանին, որ իր հերթին յանձնեց զայն ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետ Մայտա Շահինեանին:
ՀՕՄի Օրուան նուիրուած ձեռնարկը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդ հօր Պահպանիչով:
ՀՕՄի բեղուն գործունէութեամբ ոգեւորուած ներկաները գոհունակութեամբ եւ յուսադրուած մեկնեցան տուն, ՀՕՄին թեւ ու թիկունք կանգնելու պատրաստակամութեամբ:
Պէտք է ընդգծել, թէ այս նախաձեռնութիւնը գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ հանրութեան ներկայացնելու ՀՕՄի առաւել քան մէկ դար ծառայութիւնն ու շրջանի ՀՕՄի 35ամեայ բեղուն գործունէութիւնը: Ձեռնարկի բեմի պատասխանատու Արիկ Գէորգեանի հսկողութեամբ գործադրուած յայտագրի ճոխութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնք երկարաշունչ ծափողջոյններով արտայայտեցին իրենց գնահատանքը:
* * *
ՀՕՄի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, չորս նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, հոգեբանական կեդրոն, միօրեայ վարժարաններ, կը հովանաւորէ զանազան պատանեկան-երիտասարդական ծրագիրներ, կը տրամադրէ կրթական եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար հաճեցէ՛ք այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը կամ հեռաձայնեցէ՛ք (818) 500-1343 թիւին: