ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2018ի Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն 2017ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ Հայաստանի մէջ համակարգիչներու արտադրութիւնը աճած է 99.3 տոկոսով:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ նախորդ տարուան նշեալ 9 ամիսներուն արտադրուած էին 457 համակարգիչներ, իսկ ընթացիկ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը 911 է:
Հաշուետու ժամանակահատուածին 7 անգամ աճած է փլանշեթներու (պլանշետներ) արտադրութիւնը. նախորդ տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն արտադրուած է 55 «պլանշետ», ընթացիկ տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր՝ 384 փլանշեթ:
Ընթացիկ տարուան 9 ամիսներուն բջիջային հեռաձայններ չեն արտադրուած, մինչդեռ նախորդ տարուան 9 ամիսներուն արտադրուած էին 330 հատ: