«Ոչ, հարցը չէ լուծուած», Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերին լրագրողներուն յայտնեց Փեսքով՝ ընդգծելով, որ Պելոռուսի նախագահը սեփական նախաձեռնութեամբ անդրադարձած է այդ հարցին, եւ որ այդ հարցը Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ ԱՊՀ գագաթնաժողովներու օրակարգին մէջ չէր ընգրկուած:
Քրեմլինի խօսնակը մասնաւորապէս նշեց, որ Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ վիճայարոյց այդ հարցին անդրադարձած է այն ատեն, երբ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու բոլոր առաջնորդները ներկայ չեն եղած բանակցային սեղանի շուրջ:
«Վերջիններուս (բացականերու) հետ քննարկումները շարունակուեցան աւելի ուշ՝ ԱՊՀ գագաթնաժողովին ընթացքին», ըսաւ Փեսքով, ընդգծելով, որ վերջնական համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած: «Քննարկումները կը շարունակուին», եզրափակեց Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակը:
«Մենք անսպասելի ՀԱՊԿի գագաթնաժողով ունեցանք այսօր եւ, ըստ էութեան, լուծած ենք գլխաւոր քարտուղարի հարցը, որ պիտի ըլլայ Պելոռուսէն, ինչպէս ժամանակին ըսած էր Նուրսուլթան Նազարպաեւ: Մենք պայմանաւորուած ենք, թէ ինչ ձեւով այդ նշանակումը պիտի կատարուի: Առանձնազրոյցներ պիտի ըլլան ՀԱՊԿի անդամի իւրաքանչիւր առաջնորդի հետ, որոնցմէ ետք արդէն անոնք կը ստորագրեն այդ որոշումը», յայտարարած էր Լուքաշենքօ:
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի խօսնակ Արման Եղոյեան հերքեց այս յայտարարութիւնը՝ շեշտելով, որ ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարի հարցը չէ լուծուած: