ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Հալէպ նահանգի իշխանութիւնները 6 Դեկտեմբերին յայտարարեցին, թէ 130 դպրոցներ վերակառուցուած են եւ վերաբացուած իսլամ ծայրայեղականներէ ազատագրուած շրջաններուն մէջ, իսկ ծայրայեղականներուն յարձակումներուն ենթակայ շրջաններուն մէջ՝ 340 այլ կրթական հաստատութիւններ։
Նահանգի տեղական իշխանութիւններուն տուեալներով՝ ներկայիս Հալէպ նահանգին մէջ կը գործեն 1349 դպրոցներ։
Նշենք, որ կրթական հաստատութիւններուն շէնքերուն մէկ մասը պատերազմին հետեւանքով հիմնովին քանդուած էր։