ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոմիութեան 2019ի ամավարկի քննարկումներուն ընթացքին որոշուեցաւ 1.45 միլիառ եուրօ տրամադրել Թուր-քիոյ, հոն ապաստանած գաղթականներուն աջակցելու նպատակով։
Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու գործընթացին մէջ Թուրքիոյ տրամադրուած աջակցութիւնը զգալիօրէն պակսած է եւ իբրեւ արդիւնք՝ Թուրքիա նախատեսուածէն 146 միլիոն եուրօ պակաս աջակցութիւն պիտի ստանայ։
Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ 2005ին սկսած էին անդամակցութեան բանակցութիւնները, որոնք ներկայիս փաստացիօրէն առկախուած են։ 2016ի զինուորական ձախողած հարուածէն ետք զանգուածային ձերբակալութիւններ տեղի ունեցան եւ պատճառ դարձան, որ Եւրոմիութիւնը հրաժարի Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու շրջանակը ընդարձակելու մտադրութենէն։