ԼՈՆՏՈՆ.- Անգլիական «Արսենալ»ի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան, որ ունի աջ ոտքի ոսկորի մը կոտրուածք, իր փորձերուն պիտի սկսի Փետրուար 2019ին, կը հաղորդէ ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ան վիրաւորուեցաւ 19 Դեկտեմբերին, «Թոթընհեմ»ի դէմ մրցումին մօտաւորապէս 31րդ վայրկեանին, սակայն մինչեւ կիսախաղ շարունակեց խաղալ: