ԵՐԵՒԱՆ.- 9 Դեկտեմբերին կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ 14 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 10ին: Այս մասին, Ուրբաթ, 4 Յունուարին, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նիստին յայտարարեց նոյն յանձնաժողովին նախագահը Տիգրան Մուկուչեան:
«Ղեկավարուելով «ՀՀ Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 100րդ յօդուածի 1ին մասով, ինչպէս նաեւ «ԱԺ կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 32րդ յօդուածի 2րդ մասով, համաձայն որուն ԱԺ արտահերթ ընտրութեան պարագային առաջին նստաշրջանը կը հրաւիրուի նորընտիր Ազգային ժողովի կազմաւորումէն ետք երկրորդ Երկուշաբթի օրը, ժամը 10ին»:
Նշենք նաեւ, որ ԿԸՅի Ուրբաթ օրուան նիստին կազմուեցաւ արձանագրութիւն, որմով բաշխուեցան իրաւագիրները խորհրդարանական երեք ուժերուն միջեւ:
Ըստ այդմ՝ Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն պիտի կազմէ «Իմ Քայլը» դաշինքը, որ պիտի ունենայ 88 պատգամաւորներ, երկրորդը պիտի ըլլայ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ իր 26 պատգամաւորներով: Խորհրդարանական երրորդ եւ ինքզինք ընդդիմադիր հռչակած ուժը «Լուսաւոր Հայաստան»ն է, որ պիտի ունենայ 18 պատգամաւոր: