ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն կը տեղեկացնէ, թէ երկրորդ տարին ըլլալով պիտի իրականացնէ Արցախի մէջ վարժողական ծրագիր մը, որ հայ երիտասարդներուն առիթ պիտի ընծայէ կամաւոր աշխատանք կատարելու Արցախի մէջ՝ արհեստավարժ փորձառութիւն շահելով, միաժամանակ նպաստելով Սփիւռքի հայութեան եւ Արցախի միջեւ յարաբերութեան սերտացման:
Վարժողական ծրագիրին մասնակցողները վեց շաբաթներու ընթացքին կամաւոր աշխատանք պիտի կատարեն կառավարական հաստատութեան մը, ոչ-հասութաբեր կազմակերպութեան մը կամ կրթական, առողջապահական, տեղեկատուական, արդի արհեստագիտական, հողագործութեան կամ այլ ոլորտի մը մէջ:
Յուլիսէն Օգոստոս կայանալիք վարժողական ծրագիրի մասնակիցները միատեղ պիտի բնակին եւ պիտի հետեւին դաստիարակչական ծրագիրներու, հաւաքներու ու պիտի մասնակցին շրջապտոյտներու:
Կեցութեան, պտոյտներու եւ որոշ ճաշերու ծախսերը պիտի հոգայ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն:
Դիմողները պէտք է 18 տարիքը բոլորած ըլլան:
Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 15 Ապրիլ։
Դիմումնագիրներու համար՝ այցելել www.ayfwest.org/internship կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել artsakhinternship@ayfwest.com հասցէին կամ (818) 507-1933 թիւին: