ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Յարգելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կասկածելի գործունէութիւնը հետաքննելու մասին իր տուած խոստումը, նոր Քոնկրեսին Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հետախուզութեան հարցերու յանձնախումբին ատենապետի պաշտօնը ստանձնած Էտըմ Շիֆ 6 Փետրուարին նախաձեռնեց նախագահին դէմ նոր հետաքննութեան, որուն գլխաւոր նպատակն է յստակացնել, թէ Թրամփի ապահոված նիւթական շահերը որքանով կ՛ազդեն նախագահին եւ անոր շրջանակին կողմէ տրուող քաղաքական որոշումներուն վրայ:
Մանրամասնօրէն պիտի քննուին յատկապէս այն լծակները, որոնք եղած են կամ կրնան տակաւին մնալ ռուսերու, սէուտցիներու կամ որեւէ այլ երկրի ներկայացուցիչներու ձեռքը, նկատի ունենալով, որ անոնց միջոցաւ բանեցուած ճնշումները կրնան վնաս հասցնել Միացեալ Նահանգերու ազգային շահերուն, ըսաւ Շիֆ՝ աւելցնելով, որ իր այս նախաձեռնութիւնը յանձնախումբին տարրական պարտականութեանց ծիրին մէջ կ՛իյնայ եւ անիմաստ են նման հետաքննութեանց դէմ Սպիտակ տան եւ անոր ղեկավարին տարած ջանքերը:
«Վերջին երկու տարիներուն հանրապետականները Քոնկրեսին մէջ մեծամասնութիւն էին եւ ամէն անգամ, որ ժամանակը կը հասնէր իշխանութեան համահաւասար թեւ հանդէս գալու, անոնք զիջողի դերին մէջ կը մնային Սպիտակ տան նկատմամբ: Սակայն, 2018ի ընտրութիւնները վերջ դրին այդ կացութեան», յայտարարեց Շիֆ:
Հակադարձելով նման հետաքննութեանց վրայ Թրամփի ամէնօրեայ յարձակումներուն՝ Շիֆ պարզապէս ըսաւ. «Մեմք մեր պարտականութիւնը պիտի կատարենք, ինքն ալ պէտք է իրը կատարէ»։