Հայաստանի մարդասիրական խումբը, որ կը բաղկանայ ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ (83 անձեր) Ուրբաթ օր ժամանեց Հալէպ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան կը տեղեկացնէ, որ հայ մասնագէտները Հալէպի բացառապէս ռազմական գործողութիւններէ զերծ բնակավայրերու մէջ պիտի տանին մարդասիրական ականազերծման, բնակչութեան հակաականային իրազեկման եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցելու մարդասիրական գործունէութիւն:
Սուրիոյ տարածքին հայ մասնագէտներու տեղաւորման, անոնց կարգավիճակին, գործառոյթներուն եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերը կարգաւորուած են Հայաստանի օրէնսդրութեան համաձայն:
Հայ մասնագէտներու տեղափոխութեան եւ ապահովման հարցերը կ՛իրականացուին ռուսական կողմին աջակցութեամբ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը յիշեցուց, որ Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու որոշումը տրուած է նկատի ունենալով Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր վիճակը, ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը, սուրիական կողմին գրաւոր խնդրանքները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ մեծաթիւ հայկական համայնքի գոյութիւնը: