ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան» հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան Հինգշաբթի, 21 Փետրուարին հանդիպեցաւ Լաս Վեկասի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ներկայ եղան Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, Լաս Վեկասի Սուրբ Կիրակոս Հայ առաքելական եկեղեցուոյ հովիւ հայր Սասուն Զմրուխտեան, «Մելքոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան» տնօրէն Արսինէ Շիրվանեան, որոնք ելոյթներ ունեցան:
Քանի մը տասնեակ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումը անցաւ անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ. Մխիթար Հայրապետեանին ուղղուեցան բազմաթիւ հարցումներ: