Պէյրութ, Յունուար 3, 1928 – Լոս Անճելըս, Յունուար 15, 2019
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՐԵԱՆ
«Այսօր, Հայ Դատի հետապնդումը դարձած է ոգեղինացած իմաստը մեր գոյութեան: Ան պէտք է դառնայ նաեւ համազգային մենաշնորհը հայրենիքի եւ Սփիւռքի բովանդակ հայութեան»:
ՓԱՅԼԱԿ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Ծնած է Պէյրութ, Յունուար 3, 1928ին, խարբերդցի ծնողներէ՝ Մինաս եւ Արտեմիս, ըլլալով անոնց երկրորդ մանչ զաւակը: Փոքր տարիքին ծնողքին հետ կը տեղափոխուի Թրիփոլի (հիւսիսային Լիբանան), ուր կը յաճախէ տեղւոյն Նուպարեան նախակրթարանը: Այնուետեւ՝ Ֆրերներու վարժարանը մինչեւ միջնակարգ, ապա երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Կիպրոսի ՀԲԸՄի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: Օժտուած ըլլալով մարզական ձիրքերով, յատկապէս ֆութպոլի մէջ, ան կը դառնայ աչքառու խաղացող մը, հսկողութեանը տակ Յակոբ Աճէմեանի: Կը խաղայ արաբական տեղական խումբերէն եւ Պէյրութի «Բագրամեան»ի եւ ՀԵԸի «Անդրանիկ» ֆութպոլի խումբերէն:
1947ին կը ստիպուի վերադառնալ Թրիփոլի, Խորհրդային Հայաստան ներգաղթելու համար, սակայն իր երազը չ՛իրականանար եւ նոյն տարին որպէս ՀԲԸՄի ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ տեղւոյն Խրիմեան Ազգային վարժարանին մէջ:
Կ՛ամուսնանայ 1951ին, Թրիփոլիի ծխական հովիւ Ղեւոնդ Ա. քհնյ. Յովսէփեանի դստեր՝ Մարիին հետ եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Արա-Գարեգին եւ Արփի:
ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՅ ՄՇԱԿԸ
1947էն մինչեւ 1966, ամբողջ 19 տարիներ կը պաշտօնավարէ Թրիփոլիի Ազգային վարժարանին մէջ եւ իր պաշտօնին գիտակցութեամբ ալ կը նուիրուի հայ մանուկներու եւ պատանիներու կրթութեան գործին: 1966ին ընտանիքով կը փոխադրուի Պէյրութ, պաշտօնավարելու համար Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ: Իրեն կը վստահուի վարժարանի ուսումնական բաժինի պատասխանատուութիւնը: Իր շրջանին եւ տնօրէն Երուանդ Պապայեանի հսկողութեամբ, աշակերտութիւնը կ՛արձանագրէ բացառիկ յաջողութիւններ պետական քննութեանց մէջ, որոնց մասին կ՛արձագանգեն տեղական թերթերը:
ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԲԸՄ-Ի ԵՒ ՀԵԸ-Ի ՄԷՋ
1953ին կը ստանձնէ ՀԵԸի Թրիփոլիի մասնաճիւղին ատենապետութիւնը, զոր կը վարէ բազմաթիւ տարիներ: Գաղութին մէջ Փայլակ Ահարոնեան կ՛ունենայ ազգային քաղաքական ու հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն: Երկար տարիներ կը ստանձնէ ՀԲԸՄի Թրիփոլիի ատենադպիրի պաշտօնը:
1966էն 1979 եղած է ՀԵԸի «Անդրանիկ-Սեւան» ակումբի վարիչ քարտուղարը: Իր պաշտօնավարութեան շրջանին ակումբը ծաւալած է եռուն գործունէութիւն:
Ահարոնեան հիմնական դեր վերցուցած է ՀԵԸի Սին էլ Ֆիլի «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնի ծրագիրին իրականացման մէջ, եւ իր վարիչ քարտուղարութեան պաշտօնի շրջանին է որ կատարուած է կեդրոնին հիմնարկէքը:
1969ին կը ստանայ ՀԲԸՄի վեթերանի վկայականը, իսկ 1972ին՝ իր 25 տարիներու կրթական ծառայութեանց որպէս գնահատանք՝ կ՛արժանանայ ՀԲԸՄի վաստակաւոր ուսուցիչի կոչումին:
ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆԸ ԵՒ ԳՈՐԾԻՉԸ
1949ին կը մտնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը կնքահայրութեամբ մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի: Սկզբնական տարիներուն Թրիփոլիի մէջ կ՛ունենայ յիշատակելի աշխատանք տեղւոյն ՌԱԿ «Մկրտիչ Աւետիսեան» ակումբին մէջ: Պէյրութ գալով՝ մաս կը կազմէ ՌԱԿի «Միհրան Տամատեան» ակումբին՝ վարելով վարչական պատասխանատու պաշտօններ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին 1976-79 տարիներուն, մաս կը կազմէ Լիբանանահայութեան միացեալ մարմինին, ուր գործօն մասնակցութիւն կը բերէ հայ աղէտեալներու օժանդակութեան աշխատանքերուն:
Կրթական, երիտասարդական ու կուսակցական աւելի քան 35 տարիներու ծառայութենէն ետք, Լիբանանի ծանօթ դէպքերը կը ստիպեն զինք, որ իր ընտանիքին հետ հեռանայ Լիբանանէն եւ 1980ին հաստատուի Լոս Անճելըս:
Միացեալ Նահանգներ ժամանելէ ետք, կուսակցական տենդը զինք կը մղէ վերսկսելու ազգային-հասարակական գործունէութեան Քալիֆորնիոյ մէջ: Ան կը վարէ վարիչ-քարտուղարի պաշտօնը ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի շինութեան յանձնախումբին (1980-81): Ապա կը ստանձնէ «Նոր Օր» եռօրեայի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը, զոր կը վարէ մինչեւ 1997 թուականը: Առընթեր նաեւ ան կը դառնայ ՌԱԿի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանակի կուսակցական գործիչը ու երբեմն ալ մաս կը կազմէ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմին:
1980ին ան կը դառնայ գլխաւոր հիմնադիրներէն մին Փասատինա-Կլենտէյլի շրջանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան նորակազմ մասնաճիւղին եւ դեր կ՛ունենայ ԹՄՄ «Վահան եւ Նարդուհի Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի իրականացման, Ճանիկ Միսիրեանի, Երուանդ Եթենեքեանի եւ այլ գաղափարի ընկերներով:
1981ին անդամ կ՛ընտրուի ՌԱԿի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան՝ երկու տարուան շրջանի մը համար: Նոյն տարին առաւելաբար իր ջանքերով կեանքի կը կոչուին ՌԱԿի նորակազմ զոյգ ակումբները՝ «Գերսամ Ահարոնեան» եւ «Համբարձում Գարայեան»:
ԹՄՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ կը նշուի Փայլակ Ահարոնեանի կրթական, ազգային եւ հասարակական գործունէութեան յիսնամեակը, Փետրուար 12, 2000ին, Փասատինայի ՀԲԸՄի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ:
Փայլակ Ահարոնեան կ՛աշխատակցի Վահան Ճանսըզեանի հրատարակած ու խմբագրած Լոս Անճելըսի «Նոր Հայաստան» օրաթերթին, ստանձնելով թարգմանական բաժինն ու լիբանանեան լուրերու սիւնակը:
ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՐ ՄԱՍԻՆ
– Յովնան Արք. Տէրտէրեան (Մոնթրէալ). «Մենք ուրախ ենք, որ անձնապէս ճանչցած ենք ձեզ, դեռ 1970ական թուականներէն, Լիբանանի մէջ (սրբազանը ուսանող էր Վահան Թէքէեան վարժարանի): Ձեր անձին մէջ գտած ենք հայրենասէր ու էջմիածնասէր հայ հասարակական գործիչը, որ տարիներ շարունակ նոյն ոգին ներշնչեց հայ նորահաս սերունդներուն»:
– Գեղամ Ծ. Վրդ. Խաչերեան (Պէյրութ). «Փայլակ Ահարոնեանը դասարանի չորս պատերէն դուրս ալ ուսուցիչ եղած է (հայր սուրբը ուսանող էր Վահան Թէքէեան վարժարանի): Իր բազմաթիւ աշակերտներուն վկայութեամբ, անոր դասարանէն ակամայ բացակայութեան պարագային իսկ, իր տիպարով անհատականութեամբ եւ հեղինակութեամբ դասարանին մէջ միշտ ներկայ եղած է իր աշակերտներուն համար»:
– Երուանդ Պապայեան (Լոս Անճելըս). «Հաճոյքով կը հաստատեմ, թէ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ, Փայլակ Ահարոնեանի երկար տարիներու պաշտօնավարութեան ընթացքին, պատեհութիւնը ունեցայ գնահատելու իր՝ ուսուցիչէ մը պահանջուած կարեւոր յատկանիշները: Արդարեւ, Փայլակ Ահարոնեան մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ Վահան Թէքէեան վարժարանին, որպէս կոչումին գիտակից պարտաճանաչ ուսուցիչ, իր նուիրեալ աշխատանքով եւ ջանասիրութեամբ»:
– Տոքթ. Գէորգ Քէշիշեան (Լոս Անճելըս). «Իր նկարագիրին գլխաւոր յատկանիշներէն է՝ չվհատիլ, չընկրկիլ ազգային որեւէ մէկ ծրագիրի իրականացման աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուող խոչընդոտներուն առջեւ: Իր աննկուն կամքով, իր հնարամիտ միտքով, իր վարակիչ ոգեւորութեամբ, իր պերճախօս լեզուով ան գիտէ հրահրել, խանդավառութիւն, յոյս եւ հաւատք ներշնչել իր գործակիցներուն թէ նորահաս սերունդին մօտ… Այս է կարծեմ Փայլակ Ահարոնեանին հասարակական վաստակաւոր գործիչին յաջողութեան գաղտնիքը»:
– Գրիգոր Քէօսէեան (Պոսթըն). «Անբաժան մաս կազմեց մեր առօրեայ հասարակական-մշակութային կեանքին: Անոր երկարամեայ գործունէութիւնը թեթեւացում չճանչցաւ շնորհիւ իր աննկուն կորովին եւ կամքին, որոնք իր նկարագիրին հիմնական յատկանիշները մնացին հայկական միշտ ոչ-քաջալերական միջավայրին մէջ»:
– Վարդան Ա. քհնյ. Տիւլկէրեան (Լոս Անճելըս). «Ան որպէս սերունդներու անձնազոհ դաստիարակ, բազմաշխատ գործիչ, հմուտ արաբագէտ եւ թարգմանիչ եւ ընկերային շրջանակներու մէջ համակրելի ու յարգարժան ներկայութիւն, շողարձակում տուած է անկեղծութեամբ ճառագայթող իր բարեմոյն կերպարին»:
Փայլակ Ահարոնեան կը մահանայ Լոս Անճելըսի մէջ Յունուար 15, 2019ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ Յունուար 19ին, Պըրպենքի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ եւ մարմինը կ՛ամփոփուի Կլենտէյլի «Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ: