ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի Սահմանադրութիւնը փոխելու նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտ գտնուող Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեան Կիրակի, 24 Փետրուարին տեղեկացած է, որ Արցախի իշխանութիւնները զինք տարիներ առաջ զրկած են քաղաքացիութենէ:
Բաբայեան յայտարարեց, որ այդ որոշումը ապօրինի է, եւ ինք կը պատրաստուի բողոքելու:
Նշենք, որ Սամուէլ Բաբայեան 6 Փետրուարին յայտարարած էր նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու իր մտադրութեան մասին: Ղարաբաղի Սահմանադրութեան համաձայն՝ նախագահ կրնայ ընտրուիլ վերջին տասը տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացի հանդիսացող, վերջին տասը տարին Ղարաբաղի մէջ մշտապէս բնակուող եւ ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր քաղաքացի:
«Ինձ զրկել են Ղարաբաղի քաղաքացիութիւնից, այն դէպքում, որ ես որեւիցէ անգամ ո՛չ դիմում եմ գրել, ո՛չ դրա մասին յայտարարել եմ, 2006ին թէ 2007 թուին», յայտնեց Բաբայեան: