
ՊԸՐՊԵՆՔ.- 11 Փետրուարին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեան եւ Հայ Դատի հետ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան կապը հանդիսացող Անդրանիկ Չարշաֆեան հանդիպում մը ունեցան քաղաքի ոստիկանապետ Սքաթ ԼաՉէյսի հետ, քննարկելով Պըրպենքի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ ատելութեան հիման վրայ յարձակումներու կանխարգիլումը եւ յատկապէս ոստիկանութեան հետ համագործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցին 29 Յունուարին, քաղաքի քանի մը վարժարաններու մէջ ատելութեան հիման վրայ պատահած խլրտումներուն վրայ, իսկ ոստիկանապետը յայտնեց, թէ ոստիկանութիւնը արդէն իսկ որոշ քայլերու դիմած է նման արարքներ կանխարգիլելու համար, նոյն ժամանակ յանձնարարելով, որ շրջանի Հայ կեդրոնին մէջ եւս որոշ նախաձեռնութիւիններ իրականացուին այս նպատակով։
Քննուեցան նաեւ Պըրպենքի ոստիկանութեան մէջ հայերու յաւելեալ ներկայութիւն ապահովելու կարելիութիւնները եւ ոստիկանապետը խոստացաւ այս նպատակով գործակցիլ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ՝ ցաւ յայտնելով, որ նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով ոստիկանութիւնը ներկայիս սառեցուցած է նոր ոստիկաններու անդամագրութիւնը։
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց 16 Ապրիլին Պըրպենքի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունենալիք Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ 24 Ապրիլին նախատեսուած ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն մասին։
«Պըրպենքի ոստիկանութիւնը կ՛ուզէ հայ համայնքին վստահեցնել, թէ յատուկ ուշադրութիւն կը տրուի հայկական կեդրոններու պահպանման, եւ կոչ կ՛ընէ բոլորին, որ կասկածներու պարագային ոստիկանութեան դիմեն՝ (818) 238-3130 կամ (818) 238-3200 թիւերով», յայտնեց ոստիկանապետը։
«Համաձայնեցանք, որ Պըրպենքի հայ համայնքին եւ ոստիկանութեան համար հաւասարապէս օգտակար պիտի ըլլայ համագործակցութեան սերտացումը, նպաստելով փոխադարձ վստահութեան աճին եւ ոճիրներու կանխարգիլման ջանքերուն», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեան: