ՍԱՀԱԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին Համազգայինի ակումբին մէջ նստելիք տեղ չկար։ Պիտի ներկայացուէր Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» բանաստեղծական գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը։
Գոնէ 60 տարիներ անցած են այդ գրութեան հետ վերջին հանդիպումէս։ Բայց երբ երիտասարդները սկսան կարդալու հատուածներ, սիրտս արագօրէն սկսաւ բաբախելու եւ աչքերս խոնաւցան, ինչպէս պատահած էր 70 կամ աւելի տարիներ առաջ։
Ծառուկեանի տաղանդը ոչ ոք կրնայ թերագնահատել։ Իր սերունդին ամէնէն տաղանդաւորներէն մէկն էր, չըսելու համար ամէնէն տաղանդաւորը։
«Արիւնից ծորած երիզ մի կար կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Ու վեց դարերի խաւարի վրայ դրօշ եռագոյն»:
Ո՞վ կրցած է Եռագոյնը իմաստաւորել եւ նկարագրել աւելի գեղեցկօրէն։
Բառերու որսորդ Գէորգ Աբովի այդ զզուելի գրութեան ո՞վ կրնար աւելի հզօր պատասխան տալ։
«Դաշնակ շներին…
Բայց ով են նրանք, շներն այն բոլոր»…
Ո՞վ կրնար մեր հոգիները աւելի հպարտութեամբ լեցնել, քան մէկ մէկ տրուած անունները մեր սուրբերուն, երրորդութեան, յաղթանակի օրհնուած վայրերուն, քան Ծառուկեան։
Այս բոլորին հետ կը մտածէի, որ այդ գործը հիմնական էր, իմաստալի ներկայացումը այդ ժամանակներու կրքոտ կացութեան։
Եռագոյնը, երրորդութիւնը, մարտական թէ արուեստի մեր կորսնցուցած սուրբ ազգակիցները կը պատկանէին միայն մեզի՝ դաշնակցական զանգուածին՝ շարքային թէ համակիր։ Այդ ժամանակի եւ պայմաններու արդիւնք էր։ Թէ՛ գրողին եւ թէ լսողին համար։ Մեզմէ դուրս եռագոյնը պաշտող չկար, «Մեր Հայրենիք»ը երգող չկար, «Թուղթ Առ Երեւան» գրող կամ կարդացող չկար։ Աբովներով շրջապատուած հատուած մըն էինք։ Տակաւին մեր ընկերները Պարսկաստանէն կ՛առեւանգէին։
Հիմա բոլորը կը գրկեն Եռագոյնը, կ՛երգեն «Մեր Հայրենիք»ը, կը յիշեն նոյնիսկ մեր սուրբերը։
Ներկայ պայմաններուն մէջ որքա՞ն ազդեցիկ պիտի ըլլար այդ գլուխ գործոցը մեր երիտասարդները խանդավառելու, սիրտերը եւ հոգիները լեցնելու։
Յետ-պատերազմեան պայմաններուն մէջ ապրողներս, սերունդ մը, որ ամէն օր կը պակսի, որոշ չափով այդ բանաստեղծական գործին կը պարտինք մեր ինքնութիւնը։
Այսօր, հայերէնով կամ անգլերէնով կարդացող երիտասարդը որքանո՜վ պիտի ներշնչուի այս գործին հաղորդութեամբ։