ՊԱՔՈՒ, «Հաքքին».- Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանով «Ֆաքս Նիուզ»ի հետ 28 Մարտին ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Վիեննայի մէջ 29 Մարտին տեղի ունեցած հանդիպման՝ ըսելով. «Չկարգաւորուած Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ ռազմավարական առումով վտանգաւոր մնալ ամբողջ տարածաշրջանին համար: Ներկայ իրավիճակը կայուն չէ: Մենք չունինք խաղաղապահներ: Զինուորները կանգնած են իրարու դէմ, երբեմն իրարմէ միայն 100 ոտք հեռաւորութեան վրայ: Կարելի չէ կանխատեսել, թէ դրութիւնը երբ կրնայ անկայուն դառնալ: Միշտ ալ իրավիճակի սրման լուրջ վտանգ կայ: Երկու կողմերն ալ ունին բաւականաչափ զէնք եւ որեւէ պահու իրավիճակը կրնայ սրիլ: Որեւէ պահու կրնայ պատերազմ սկսիլ: Իրավիճակին՝ վերահսկողութենէ դուրս գալու վտանգը կայ: Մարդիկ մինչ օրս կ՛ապրին այս փակուղային հակամարտութեամբ. մարդիկ խաղաղութիւն կը փափաքին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.