ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Նախագահ Արմէն Սարգսեան Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլին, հանդիպեցաւ Ռումանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ, Ռումանահայերու միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանի հետ:
Զրուցակիցները խօսեցան երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու աշխուժացման եւ սոյն ոլորտին մէջ զարգացումը խթանող երկուստեք քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութեան մասին:
Ոսկանեան Հայաստան ժամանեց նոր բացուած Պուխարեստ-Երեւան թռիչքով:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վարուժան Ոսկանեան քննարկեցին նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական կապերու ամրապնդման եւ ներուժի օգտագործման վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ռումանիոյ հայ համայնքին, անոր վերաբերող հարցերուն եւ հեռանկարներուն: