ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Այս տարուան առաջին եռամսեակին, Հայաստան ներածուած են 22,426 ինքնաշարժներ: Ըստ Պետական եկամուտներու վարչութեան (ՊԵԿ)՝ 2018ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ այս ցուցանիշը աճած է 8371 հատով կամ 59.6 տոկոսով:
Մէկ ինքնաշարժի միջին գանձումը այս տարուան առաջին եռամսեակին եղած է 432 հազար դրամ: Վերջին տարիներուն մէկ ինքնաշարժի միջին գանձումը աստիճանաբար կրճատուած է:
2018ին Հայաստան ներածուած են 67,255 ինքնաշարժներ: Ըստ Պետական եկամուտներու վարչութեան տրամադրած տուեալներուն՝ 2017ի հետ համեմատած՝ ինքնաշարժներու ներածումը աճած է 27,973 հատով կամ 71.2 տոկոսով:
Ինքնաշարժները ներածուած են գլխաւորաբար Գերմանիայէն, Ճափոնէն, Քորէայէն, Վրաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն։