ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Արտակ Դաւթեանի ուղեկցութեամբ այցելեց «Բաղրամեան» զօրավարժարանը:
Այնտեղ վարչապետին ներկայացուեցան Զինուած ուժերուն ձեռք ձգած նորագոյն զինատեսակները: Նիկոլ Փաշինեան դիտակէտէն հետեւեցաւ նաեւ զինատեսակներու ցուցադրական փորձերուն: