ԵՐԵՒԱՆ, «Ժողովուրդ».- ««Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը ներկայացրել է կառավարութեան այլընտրանքային կառուցուածքի մասին իր օրէնսդրական առաջարկը: Հետաքրքիր է, սակայն, փաստ, որ նախագիծը վերջնական տեսքի բերելու հարցում մեծ դերակատարում են ունեցել ՀՅԴականները», գրած է «Ժողովուրդ» օրաթերթը:
«ԼՀԿն առաջարկում է, որ երկու փոխվարչապետի փոխարէն լինեն երեքը, եւ այդ մէկն էլ պէտք է վերահսկի Սփիւռքի ոլորտը եւ լինի Սփիւռքի եւ հայրենադարձութեան հարցերով փոխվարչապետ», շարունակած է թերթը:
Ըստ «Ժողովուրդ»ի, այս տեսակէտը ձեւաւորուած է ՀՅԴ ներկայացուցիչներու ու որոշ սփիւռքահայերու հետ ԼՀԿ պատգամաւորներու ունեցած քննարկումներով: ԼՀԿ նախագահ Էտմոն Մարուքեան «Ժողովուրդ» օրաթերթին հաստատած է, որ «Դաշնակցութիւն»ը բազմաթիւ առաջարկներ ներկայացուցած է իրենց, «սակայն եղել են նաեւ այնպիսինները, որոնք չեն ընդունուել»:
«Յիշեցնենք, որ ԼՀԿն վերջերս փորձում է համագործակցել արտախորհրդարանական ընդդիմութեան, մասնաւորապէս՝ ՀՅԴի հետ, եւ նրանց հանդիպումները պարբերական բնոյթ են կրում: Հնարաւոր է՝ ԼՀԿ առաջարկին միանայ նաեւ ԱԺ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմ-բակցութիւնը», գրած է «Ժողովուրդ»ը: