ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց Ֆրանսայի իշխող կուսակցութենէն երեսփոխան Սոնիա Քրիմիին՝ դրուատելով անոր քաղաքական յանդուգն եւ հաստատակամ կեցուածքը՝ թրքական յարձակողական եւ ուրացման քաղաքականութեան դէմ:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան հրապարակային մարտահրաւէր ուղղեց Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին՝ պատկերասփիւռային ուղիղ եթերով բանավէճի մը, որուն պատասխանը ցարդ միայն լռութիւն է։
Նշենք, որ Ուրբաթ օր, ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու խորհրդարանական մէկ նիստին ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենար Անթալիոյ մէջ, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը՝ Մուսթաֆա Շենթոփ, ժողովի բացման իր խօսքին մէջ Ֆրանսան ամբաստանած էր «պատմութիւնը խեղաթիւրելու» եւ Ալճերիոյ եւ Ռուանտայի մէջ «ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու» մեղադրանքներով, ինչպէս նաեւ խտրական ակնարկ կատարած էր Սոնիա Քրիմիի թունուզեան ծագումին:
Ֆրանսացի երեսփոխանը հակադարձած էր՝ նշելով, որ ցնցուած է Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յարձակումներէն՝ մերժելով «յաղթողներուն կողմէ գրուած» պատմութիւնը:
Ապա, երեսփոխանին դէմ նոյնանման մեղադրանքներով ելոյթ ունեցած էր նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու:
Այս իրողութեան դիմաց իբրեւ բողոք, Ֆրանսայի ներկայացուցիչ երեսփոխանը՝ Քրիմի եւ ֆրանսական պատուիրակութեան անդամները դահլիճը լքած եւ դուրս եկած էին նիստէն:
Քրիմի, աւելի ուշ ըսաւ. «Երբ ամբարտաւան Մեւլուտ Չաւուշօղլու մեզի ամբարտաւանութեան ու քաղաքավարութեան մասին ամբարտաւանութեամբ ու անկրթութեամբ դասեր կու տար եւ պատասխանելու իրաւունքը կը խլէր, դուրս գալը միակ ելքն էր»: Ապա ան նշեց, որ Չաւուշօղլու ընկերային ցանցերու վրայ իրեն դէմ արգելք կիրարկած է՝ աւելցնելով. «Ժողովրդավարութեան ու դիւանագիտութեան ի՛նչ գեղեցիկ դաս»:
Աւելցնենք նաեւ, որ Սոնիա Քրիմի աւելի ուշ ստացած էր ցեղապաշտական անանուն բազմաթիւ պատգամներ եւ մահուան սպառնալիքներ:
Յայտնենք, որ Անգարայի ներկայացուցիչները այս ձեւով կը հակազդէին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման գծով ֆրանսական նորագոյն որոշումին, ըստ որուն, այսուհետեւ 24 Ապրիլը Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին պետական պաշտօնական յուշատօն կը նկատուի: