ԹԱՀԱՆԿԱ.- Հինգշաբթի, 11 Ապրիլին, «Վըրտուկօ Հիլզ» հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող հանրային վարժարաններու հայ ուսանողներու յանձնախումբի՝ CASPS-ի կազմակերպած տարեկան 13րդ հանդիսութիւնը՝ ի պատիւ Լոս Անճելըսի հիւսիս-արեւելեան եւ հիւսիս-արեւմտեան գօտիներու հանրային վարժարաններու 10էն 12րդ դասարաններու յաջողակ հայ աշակերտներու:
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասպարեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները: