ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան, որ այցելած էր ոստիկանութեան կեդրոնի բաժին, ուր «ես ծեծած եմ» ինքնաբուխ բողոքի արարքը տեղի կ՛ունենար, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ անօրինականութիւնը եւ այլանդակութիւնը, որ ամիսներ շարունակ թէ՛ եթերները, թէ՛ ընկերային ցանցերը կլանած են, ատելութիւն կը սերմանեն:
Ան յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր Արցախեան ազատամարտի հերոսներու դէմ հրապարակային կոչեր կը հնչեն, նաեւ հրապարակային սպառնալիքներ Արցախեան ազատամարտի խորհրդանիշ Պարգեւ սրբազանին, Արցախի նախագահին եւ Արցախեան պատերազմին մարտնչած հայորդիներու հասցէին:
«Եւ այս բոլորէն ետք, իշխանութիւններէն ակնյայտօրէն կը լսենք անտարբեր, հրահրող կոչեր: Հետեւաբար, բնական է, որ հասարակութեան մէջ պիտի ըլլան նաեւ ընդվզումներ: Մարդիկ, տեսնելով այս անգործութիւնը՝ իրաւունքի ինքնապաշտպանութեան ճամբաներ կ՛որոնեն: Այս երեւոյթը կրնայ նաեւ շարունակական բնոյթ կրել: Պատահածներուն թիւ մէկ պատասխանատուն գործող իշխանութիւնն է: Պէտք է ժամանակին կանխուէր այն այլանդակութիւնը, որ հրապարակայնօրէն կը հնչէր: Մինչդեռ իշխանութիւնը կը ցուցաբերէր քար լռութիւն, նոյնիսկ արժանապատիւ քաղաքացի համարուող, բայց իրականութեան մէջ ոչ մէկ արժէքային համակարգ ունեցող անձանց դատապարտելու համար քաղաքական յայտարարութեամբ հանդէս չեկաւ: Ընդհակառակն. անիկա թոյլ կու տայ, կը հիմնաւորէ, թէ ժողովրդավարական ճանապարհով կը շարունակէ, եւ ամէն ոք կրնայ ըսել այն, ինչը ուզէ ըսել, որուն իբրեւ արդիւնք՝ հրապարակային վիրաւորանքը եւ սպառնալիքը առօրեայ երեւոյթ կը դառնան: Անոնց պատասխանն ալ այսպէս պիտի ըլլայ: Կոչ կ՛ուղղեմ իշխանութիւններուն, որ օր առաջ վերջ տան այս վիճակին: Անհրաժեշտ է դատապարտել եւ հետեւողական ըլլալ անհանդուրժողութիւն եւ թշնամութիւն սերմանող վարքագիծին նկատմամբ, որ այսօր կը տիրէ մեր երկրին մէջ»:
Ըստ Մինասեանի՝ 130 տարեկան քաղաքական ուժը ինչ-որ տեղ նաեւ չի կրնար հանդուրժել որեւէ բռնութիւն՝ անկախ անկէ, թէ որուն նկատմամբ կը կիրարկուի, եթէ հրապարակային այլանդակութիւնները համարժէք արձագանգ չեն ստանար: Երբ այսօր քաղաքացիները ոստիկանութեան բաժին ինքնաբուխ կը ներկայանան եւ միջադէպին պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ կ՛առնեն, կը նշանակէ, որ այս երեւոյթը կրնայ աւելի լայն տարածում ունենալ, հետեւաբար պէտք է բոլոր բացասական հետեւանքները կանխել:
«Այսօր առաւօտեան մեր քաղաքացիները այսպիսի երեւոյթներու դէմ ինքնաբուխ ընդվզեցան: Ժամ առաջ գործող իշխանութիւնը պէտք է քայլեր իրականացնէ, որպէսզի բացասական դրսեւորումները չտարածուին: Մենք, այսօրուան ինքնաբուխ ընդվզումի տեղեկութիւնը ստանալով՝ կոչ կ՛ուղղենք մեր քաղաքացիներուն՝ ոստիկանութեան յաւելեալ ցուցմունքներով չխանգարել, թոյլ տալ, որ ոստիկանութիւնը իր գործը ընէ: Կ՛ակնկալենք, որ գործող իշխանութիւնը ժամ առաջ լարուածութիւնը լիցքաթափելու յստակ քայլերով հանդէս գայ, իսկ հրապարակային սպառնալիքներ հնչեցնող, թշնամութիւն սերմանող մարդիկ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկուին», դիտել տուաւ Արծուիկ Մինասեան: