Այս բացառիկ լուսանկարը առնուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի՝ Պերլինի մէջ դատավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին, 2 կամ 3 Յունիս 1921ին: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկը հրապարակած է սոյն լուսանկարը՝ ներկայացնելով պատմական ակնարկ մը.
«15 Մարտ 1921ին, Սողոմոն Թեհլիրեան Պերլինի մէջ գնդակահարեց Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախկին նախարար Թալէաթը: Վերջինս ծպտուած Գերմանիա տեղափոխուած էր՝ փոխելով արտաքինը եւ անձնական տուեալները:
Յունիս 1921ին, Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը, որ տեւեց երկու օր: Դատավարութեան ընթացքին, Թալէաթի դէմ վկայութիւն տուին գերմանացի բարձրաստիճան սպայ Լիման ֆոն Սանտերս, յայտնի հասարակական գործիչ Եոհանս Լեփսիուս եւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայեր: Ս. Թեհլիրեանը կը պաշտպանէին Գերմանիոյ անուանի իրաւաբաններ: Դատը պաշտպանողները Թալէաթի յանցանքը հիմնաւորելու համար՝ օգտագործեցին բնօրինակ հեռագիրներ, որոնց մէջ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախկին նախարարը հայերը բնաջնջելու եւ տեղահանելու հրամաններ կու տար:
Դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած փաստերուն ու վկայութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ գերմանական դատարանը արդարացուց Սողոմոն Թեհլիրեանը»: