ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հակադարձելով թերթը դաւաճանութեամբ ամբաստանելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամթփի կողմէ կատարուած նորագոյն յարձակումին՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը յայտարարեց, որ երկրին զանգուածային լրատուամիջոցներու հասցէին նման յայտարարութիւնները վտանգ կը սպառնան մամլոյ ազատութեան, յիշեցնելով, որ թերթը կառավարութիւնը տեղեակ պահած էր յօդուածին պարունակութեան մասին, նախքան անոր հրապարակումը:
Նշենք, որ թերթը գրած էր, թէ վերջերս ամերիկեան իշխանութիւնները Ռուսիոյ ելեկտրականութեան տարածման ցանցին վրայ հաւանական յարձակումներու նախաքայլը առած են։ Թրամփ, որ «ժողովուրդի թշնամի» կորակէ իր բազմաթիւ խախտումները բացայայտած թերթը, հերքած է այդ տեղեկութիւնը, մինչ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հաստատած են, թէ Թրամփին տեղեկութիւն չէ տրուած յարձակումին նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին։