ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) զօրքերուն մէջ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ամբողջական ընդգրկումով մեկնարկած զօրավարժութեան զուգահեռ, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ՀՕՊ ստորաբաժանումներուն մասնակցութեամբ, 18 Յունիսին սկսան մարտական հրաձգութեամբ զօրավարժութիւններ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ զօրավարժութիւններուն նպատակն է համատեղ կիրառման հարցերու ներդաշնակում, միասնական կառավարման համակարգերու, անթել սարքերով հետախուզութեան եւ զենիթային կրակի վարման արդիւնաւէտութեան, ինչպէս նաեւ մարտական հաշիւներու պատրաստութեան մակարդակի բարձրացումը:
Մարտական հրաձգութեան փոր-ձերուն մէջ ընդգրկուած են ժամանակակից ՀՕՊ զինատեսակներ՝ «Ս-300», արդիականացած «Ս-125», «Օսա-ԱԿ» եւ «Ստրելա-10» զենիթահրթիռային համալիրներ, «Իգլա-Ս» եւ «Վերբա» դիւրակիր զենիթահրթիռային համակարգեր: Զօրավարժութիւններուն ընթացքին կ՛օգտագործուին տեղական արտադրութեան նորագոյն անթել կայաններով սպառազինուած ՀՕՊ ստորաբաժանումներ: