
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պելոռուսի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական երկրորդ խաղերուն կը մասնակցէին 50 երկիրներէ մօտաւորապէս 4000 մարզիկներ: Հայաստան խաղերուն մասնակցեցաւ 37 մարզիկներով, որոնցմէ 11 մարզիկներ կրցան մետալներ շահիլ։
Արդարեւ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան բազմակի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան դարձաւ Եւրոպական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի 97 քլկ. դասակարգի ախոյեան: Յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն Հայաստանը ներկայացնող Կարապետ Չալեան (77 քլկ.) դարձաւ արծաթ մետալակիր:
Մարմնամարզութեան Հայաստանի հաւաքականի ամդամ Արթուր Դաւթեան ոսկի մետալ նուաճեց Եւրոպական խաղերու յենացատկի վարժութեան մէջ՝ դառնալով Եւրոպայի ախոյեան: Հայաստանի ընտրանիի միւս անդամը՝ Վահագն Դաւթեան մասնակցեցաւ օղակներ վարժութեան եզրափակիչին եւ 14.766 արդիւնքով դարձաւ արծաթ մետալակիր:

Բռնցքամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով ոսկի մետալ նուաճեց 64 քլկ. դասակարգին մէջ:
49 քլկ. դասակարգին մէջ, Արթուր Յովհաննիսեան եւս տիրացաւ ոսկի մետալի, իսկ Կարէն Տօնականեան (60 քլկ.) եւ Գոռ Ներսիսեան (81 քլկ.) տիրացան պրոնզ մետալի:
Նաեւ, 60 քլկ. դասակարգին մէջ Ռուսիոյ համար ոսկի մետալ նուաճեց Ստեփան Մարիանեան:
Հայաստանի համար ոսկի մետալ նուաճեց նաեւ սամպիստ Տիգրան Կիրակոսեան: Նոյն մարզանքին մէջ արծաթ մետալակիր դարձաւ Դաւիթ Գրիգորեան եւ պրոնզ մետալակիր՝ Արսէն Ղազարեան:
Այսպիսով, Պելոռուսի մայրաքաղաք Մինսկի մէջ տեղի ունեցած երկրորդ Եւրոպական խաղերուն Հայաստանը նուաճեց 5 ոսկի, 3 արծաթ եւ 3 պրոնզէ մետալներ, ընդհանուր դասաւորման մէջ 11րդ դիրքը գրաւելով: