ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 4 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը, մէկ շաբաթ յետաձգումէ ետք։
Ընտրութեան առաջադրուած էին երկու թեկնածուներ՝ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան:
Մաշալեան ընտրուեցաւ 13 թեր, 11 դէմ եւ 1 ձեռնպահ քուէներով:
8 Մարտին՝ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանումէն ետք սկսաւ պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթը: Ըստ կանոնադրութեան՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթը կը ղեկավարէ եւ կը կազմակերպէ պատրիարքի տեղապահը:
Մաշալեանի ընտրութեան յաջորդ օրը, Կրօնական ժողովը որոշեց ատենապետի պաշտօնը յանձնել Արամ արք. Աթէշեանին։
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան կարեւոր համարեց, որ վերջապէս կարելի եղած է պարտրիարքի տեղապահ ընտրել, շնորհաւորելով նորընտիր պատրիարքի տեղապահը։ «Սակայն ընտրութիւնները սխալ ընթացան: Պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունէին Թուրքիա ծնած հոգեւորականները կամ այն հոգեւորականները, որոնց հայրերը Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներ են», աւելցուց Փայլան՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը ցարդ չէ պատասխանած իր այն հարցապնդման, թէ ինչո՛ւ պետութիւնը միջամտած էր տեղապահի ընտրութեան եւ մէկ շաբաթով յետաձգած էր զայն, յոյս յայտնելով, որ այժմ կարելի կ՛ըլլայ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը ընտրել «ժողովրդավարական ընտրութիւններով»: