ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ.- Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան «Ֆէյսպուք»ի էջը կը հաղորդէ, որ 20 Յուլիսին, Ջաւախքի Կարծախ գիւղին մէջ յիշատակուեցաւ Աշուղ Ջիւանիի օրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեան եւ դեսպանութեան դիւանագէտները:
Տօնական օրը սկսաւ Կարծախ գիւղի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Ջիւանիի արձանին առջեւ եւ շրջագայեցան աշուղ Ջիւանիի տուն-թանգարանին մէջ:
Համերգային ձեռնարկին ելոյթներ ունեցան Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի «Սայաթ Նովա» անսամպլը, Ախալքալաքի Մշակոյթի տան «Ջիւանի» անսամպլը եւ ուրիշներ:
Դեսպան Սադոյեան աշուղ Ջիւանիի տուն-թանգարանին նուիրեց վիրահայ յայտնի նկարիչ Թենկիզ Միկոյեանցի նկարներէն մին: