ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ որոշած են, թէ ո՛վ պիտի դառնայ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը՝ Դաշնակցային խորհուրդին մէջ առաջադրուող Կրիկորի Քարասինի փոխարէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմերսանթ» լրատուական գործակալութիւնը:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ այս բարձր պաշտօնին համար երեք թեկնածուներ նկատի առնուած են: Անոնցմէ ամէնէն հաւանականը նախարարութեան հիւպատոսական բաժանմունքի ներկայ տնօրէն, Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ նախկին դեսպան 60ամեայ Իվան Վոլինքինն է:
23 Օգոստոսին Քարասին պիտի դառնայ 70 տարեկան:
Կրիկորի Քարասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կը ղեկավարէ ԱՊՀ երկիրներուն հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու, արտերկրի մէջ հայրենակիցներու հետ աշխատանքի վերաբերող հարցերը: Ան պատասխանատու է Դաշնակցային պալատներուն, Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ փոխադարձ գործակցութեան, ներառեալ՝ նախարարութեան օրէնսդրական գործունէութեան:
Այն ուղղութիւնը, որուն համար Կրիկորի Քարասին արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պատասխանատու է, Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան տեսանկիւնէն կը նկատուի կարեւորագոյններէն եւ նոյն ժամանակ ամէնէն խնդրայարոյցներէն մէկը: Անիկա կը ներառէ Արցախի հարցը, Ուքրանիոյ եւ Մերձտնեսթրի հարցերը, ինչպէս նաեւ Պելոռուսի հետ առեւտրական պատերազմները: