ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտահայերէնի դասաւանդման նոր մօտեցումներուն եւ մարտահրաւէրներուն նուիրուած քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 15 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ։
Քննարկումին պիտի մասնակցին Ճես Սիրակեան Արլէն, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Շուշան Կարապետեան, Էլիզապէթ Մխիթարեան եւ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան։ Քննարկումը պիտի համակարգէ Դալար Շահինեան։
Մուտքը ազատ է։
Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին։