
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նախկին ատենապետը Կլենտէյլ քաղաքի Ծրագրումի յանձնաժողովին եւ անոր 11 տարիներու անդամը՝ Լենըրտ Մանուկեան իր թեկնածութիւնը դրաւ Մարտ 2020ին տեղի ունենալիք Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն, «համայնքին ապրուստի որակը կարելի եղածին չափ բարելաւելու նպատակով»։
«Այն համոզումը ունիմ, որ առաջնորդելու միակ միջոցը ամբողջ համայնքէն ներդրումներու հիման վրայ առնուած քայլերով պիտի ըլլայ», ըսաւ ան, միեւնոյն ժամանակ շեշտելով թափանցիկութեան եւ հաշուէտու ըլլալու կարեւորութիւնը։
«Տեղական կառավարման մարմիններու անդամները պէտք չէ յատուկ շահեր հետապնդող խմբակներ սիրաշահելու ջանք տանին, ժամանակաւոր յաջողութիւն ապահովելու յոյսերով», աւելցուց ան։
Նշենք, որ Մանուկեան երկար տարիներ կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած է քաղաքի զանազան կազմակերպութիւններու միջոցաւ, ինչպէս՝ Ֆութպոլի ամերիկեան երիտասարդական կազմակերպութեան (AYSO), Ամերիկեան սկաուտական շարժումին, Շամլեան վարժարանին եւ ՀՄԸՄին։
Ան իրաւաբան է, ու կը պաշտօնավարէ Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց մօտ։
Մանուկեանի ընտրարշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.Leonard2020.com կայքը։