ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ Էդուարդ Մարտիրոսեան նշանակուեցաւ ԱԱԾի տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող, իսկ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Արման Սարգսեան՝ ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:
Աւելի ուշ Արման Սարգսեան գլխաւորեց աշխատանքային խորհրդակցութեան մը՝ ոստիկանութեան ղեկավար կազմին հետ։ Ան նշեց, որ ոստիկանութեան մէջ կը նախատեսուին հիմնարար փոփոխութիւններ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է սպասողական մթնոլորտի մէջ ծառայել՝ թուլցնելով աշխատանքային թափը, ընդհակառակը՝ անհրաժեշտ է ձեռքբերումները ամրապնդել, վերացնել առկայ թերութիւնները, եւ պէտք է կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին հասարակութիւնը տեսնէ նոր ոստիկանութիւն՝ աւելի արհեստավարժ, իրենց պարտականութիւններն ու իրաւունքները յստակ գիտակցող ծառայողներով համալրուած: