ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 Հոկտեմբերին մասնակցեցաւ «Ի՞նչ անել-2. տնտեսական յեղափոխութիւն՝ ընկալումը եւ գործարկումը» գիտական-գործնական խորհրդաժողովին՝ նուիրուած տնտեսական յեղափոխութեան իրականացման ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքին:
Իր խօսքին մէջ վարչապետը կարեւոր նկատեց այն, որ տնտեսութեան մէջ առաւել կարեւոր գործօն կը դառնան հոգեբանութիւնը եւ տրամադրութիւնը, նաեւ՝ անհատական ներդրումը։ «Մենք անընդհատ շեշտում ենք, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացման հիմքում, եւ ընդհանրապէս զարգացման հիմքում թերեւս արժէ տնտեսական զարգացում եւ զարգացում տերմինները չտարանջատել, որովհետեւ դրանք նոյն բաներն են: Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման հիմքում մենք տեսնում ենք, ինչպէս ասել ենք, անհատական ջանքը, անհատի մօտեցումը, ընկալումը, տրամադրութիւնները: Այս կարգի քննարկումները շատ կարեւոր են այդ միջավայրը եւ մթնոլորտն ուժեղացնելու, համագործակցութեան տրամաբանութեամբ ամրապնդելու համար, որովհետեւ համագործակցութիւնը, երկխօսութիւնն այն կարեւոր գործօններից են, որ ապահովում են այն հոգեբանութիւնը եւ տրամադրութիւնը, որոնք իրենց հերթին շատ մեծ ազդեցութիւն են ունենում տնտեսութեան վրայ: Կարծում եմ, որ 2019թ. եւ ընթացիկ տնտեսական իրավիճակը, ցուցանիշները, որոնք ունենք, գալիս են ապացուցելու այս թեզի ճշմարտացիութիւնը, այն է՝ տրամադրութիւնը, սպասումները, մթնոլորտը շատ էական նշանակութիւն ունեն տնտեսական իրավիճակի համար: Հայաստանում իսկապէս տնտեսական գործունէութեան շատ լաւ տրամադրութիւն է ստեղծուել, եւ մեր հիմնական խնդիրը պէտք է լինի այդ տրամադրութիւնն ամրապնդելը», յայտնեց կառավարութեան ղեկավարը:
Ըստ անոր՝ ի հարկէ, կան կարգաւորումներու, տնտեսական գործունէութեան կարելիութիւնները ընդլայնելու, տնտեսվարող կառոյցներուն համար հաւասար դաշտ ստեղծելու հրամայականներ, որոնք առաջնահերթութիւն են եւ նաեւ նման քննարկումներու մէջ օգտակար՝ հասկնալու առաւել ճշգրիտ եւ արդիւնաւէտ ուղին:
Խորհրդաժողովին ներկայացուեցան զեկուցումներ՝ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական զարգացման նոր ուղեգիծի տեսլականի, Հայաստանի մէջ տնտեսական յեղափոխութեան նախադրեալներու, պետական կառավարման որակի, ստուերային տնտեսութեան ազդեցութեան, օրինականութեան, կրթութեան, գիտութեան համակարգերու զարգացման վերաբերեալ:
Վարչապետ Փաշինեան կարգ մը դիտարկումներ ունեցաւ՝ անդրադառնալով ստուերի դէմ պայքարի ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն եւ ընդգծելով գործընկերութեան տրամաբանութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ այս բնագաւառին մէջ կան լաւ ու վատ նորութիւններ, բայց եւ այնպէս աշխատանքը պէտք է շարունակուի, այդ ալ՝ համագործակցաբար. «Գործընկերութեան տրամաբանութիւնը շատ կարեւոր է. չի կարող տնտեսական յեղափոխութիւնը լինել մենախօսութիւն, դա պէտք է լինի երկխօսութիւն»։
Իր խօսքին մէջ վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ տնտեսական գործունէութեան իրականացման գործին մէջ մարդուժին, ներուժի կարեւորութեան, աշխատանքի շուկային, շուկայական տնտեսութեան եւ շարք մը այլ հարցադրումներու: Խօսելով գործարարութեան կանոններու մասին՝ կառավարութեան ղեկավարը յիշեց քանի մը կէտ՝ չգողնալ, կառավարող, նորարար եւ համագործակցող ըլլալ։
Ան խօսեցաւ նաեւ կառավարութեան կողմէ այս առումով տրուող հարկային արտօնութիւններուն եւ դիւրութիւններուն։
Ըստ Փաշինեանին՝ «այս (…) քննարկումները շատ կարեւոր են այդ միջավայրը եւ մթնոլորտն ուժեղացնելու, համագործակցութեան տրամաբանութեամբ ամրապնդելու համար, որովհետեւ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ, ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆ այն կարեւոր գործօններից են, որ ապահովում են այն հոգեբանութիւնը եւ տրամադրութիւնը, որոնք իրենց հերթին շատ մեծ ազդեցութիւն են ունենում տնտեսութեան վրայ»: Դժուար է հաւատալ որ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ եւ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ բառերը կ’արտասանուին Փաշինեանի բեռնով: