ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 10 Հոկտեմբերին, «Էլիտ Պլազա» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Սփիւռք կայուն տնտեսական գործընկերութեան ուրուագծում» խորագիրով Հայկական առեւտրային ցանցի 4րդ գործարար խորհրդաժողովը, որուն նպատակն է Հայաստան-Սփիւռք գործարար կապերու ամրապնդումը եւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման օրակարգի քննարկումը։
Խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Հայկական առեւտրային ցանցին (ATN) նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան, Հայաստանի եւ Սփիւռքի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատներու եւ գործարար խորհուրդներու համագործակցութեամբ։
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան գործարարներ Սփիւռքի աւելի քան 25 երկիրներէ եւ Հայաստանէն, Հայաստանի կառավարութեան, Ազգային ժողովի, պետական կառոյցներու, առեւտրական-արդիւնաբերական պալատներու, Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան, մասնաւոր եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, որ նշեց, թէ պատմութեան ընթացքին հայերը համաշխարհային առեւտրական ազգ նկատուած են, ցանցեր ստեղծած են Սինկափուրէն մինչեւ Վենետիկ, Գահիրէէն մինչեւ Ամսթերտամ՝ աւելցնելով, որ նոյն տրամաբանութեամբ ալ այսօր յաջողակ գործարարներ՝ աշխարհի տարբեր ծայրերէ, հաւաքուած են կամուրջներ հաստատելու հայ այլ գործարարներու հետ: «Այսօր Հայաստանի իշխանութիւնը ստանձնել է ներառական, նորարարական եւ տեխնոլոգիապէս (արհեստագիտականօրէն-Խմբ.) զարգացած տնտեսութիւն կառուցելու յանձնառութիւնը», ըսաւ Աւինեան:
Ողջունելով ներկաները՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան կարեւոր նկատեց հայկական առեւտրային ցանցի գործունէութիւնը, որ իր ստեղծման օրուընէ վերածուած է հայ գործարարներու միջեւփորձի փոխանակման, համատեղ փոխշահաւէտ կապերու ստեղծման եւ ընդլայնման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ նոր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու իրականացման հարթակի:
«Այսօր, հարիւրաւոր սփիւռքահայ գործարարներ, տարբեր ոլորտների անհատ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ համահայկական կառոյցներ իրենց կարեւոր ներդրումն են բերում Հայաստանի զարգացման գործին՝ փորձելով դէպի Հայաստան ուղղել իրենց ֆինանսական, գիտական եւ գաղափարական միջոցներն ու կառավարչական հմտութիւնները: Համոզուած եմ, որ մեր համազգային ներուժը, որն ահռելի է, թոյլ կը տայ օրէցօր փոխել ու նոր մակարդակի հասցնել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը, մասնաւորապէս բիզնես ոլորտում», ըսաւ Սինանեան։ Ան նշեց, որ նպատակ է Հայաստանը դարձնել այն կեդրոնը, ուր սփիւռքահայ գործարարը առանց որեւէ խոչընդոտի պիտի կարենայ կեանքի կոչել իր գործարարական գաղափարները:
Հայկական առեւտրային ցանցի (ՀԱՑ) գործադիր խորհուրդի նախագահ Հրաչ Գասպար շեշտեց, որ այսօր Սփիւռքի մէջ ձեւաւորուած բոլոր գործարարար հասարակական կազմակերպութիւնները համախմբուած են ՀԱՑի ընդհանուր առաքելութեան շուրջ. «Համաշխարհայի գործարար ցանցը կարող է անգնահատելի արժէք ներկայացնել թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Սփիւռքի համայքներում», ըսաւ Հրաչ Գասպար:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան:
Խորհրդաժողովը չորս նիստերով քննարկեց Հայաստանի տնտեսական զարգացման մէջ Սփիւռքի մասնակցութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք գործարար օրակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացումը, նոր կարելիութիւնները եւ Հայաստանը աւելի նորարարական երկիր դարձնելու հեռանկարները: