ՊԷՅՐՈՒԹ, «Սի.Էն.Էն.», «Ազդակ».- Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան տնօրէնը՝ Ռիատ Սալամէ 28 Հոկտեմբերին ազդարարեց, թէ երկրին տնտեսութիւնը քանի մը օրէն կրնայ փլուզումի ենթարկուիլ, եթէ 12րդ օրը թեւակոխած բողոքի ցոյցերը շարունակեն անդամալոյծ վիճակի մէջ պահել երկիրը։
Անցնող շաբաթավերջին, Պէյրութէն Լեռնալիբանան, Մեթնէն Թրիփոլի եւ հիւսիսային Լիբանան, մինչեւ Սուր, Նապաթիէ եւ Պաալպեք ու Զահլէ, լիբանանցիները մնացին փողոցներուն մէջ, հաստատ մնալով իշխանափոխութեան իրենց պահանջին վրայ։
Յատկապէս կեդրոնական Պէյրութի հրապարակները մնացին մարդաշատ:
Յատկանշական էր նաեւ «մարդկային շղթայ» նախաձեռնութիւնը, որ Սուրէն Թրիփոլի երկարող ձեռք-ձեռքի ցուցարարներու շղթայ մը գոյացուց Կիրակի, 27 Հոկտեմբերին:
Շաբաթ յետմիջօրէին, լիբանանեան բանակը փորձեց բանալ Թրիփոլի-Աքքար ճամբան, Պըտտաուի շրջանին մէջ: Բանակին եւ ցուցարարներու միջեւ բախումին իբրեւ հետեւանք՝ արձանագրուեցան 10 վիրաւորներ ցուցարարներու շարքերուն մէջ:
Միւս կողմէ, աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ հրահանգեց արգիլել ամերիկեան տոլարի լումայափոխներու եւ առեւտրականներու պայուսակներուն մէջ երկրէն դուրս հանելու գործողութիւնները: Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ համակարգելէ ետք, որոշում տրուեցաւ, որ այս գործողութիւններուն գծով մաքսային մարմինը պիտի որդեգրէ Կեդրոնական դրամատան կողմէ ճշդուելիք օրէնքներ: Կեդրոնական դրամատունը նախապէս յայտարարած էր, որ հաստատած է, թէ երեք լումայափոխներ, որոնք ունէին արաբական տարբեր դրամանիշներ Լիբանանի մէջ, այդ դրամանիշները փոխանակուած են ամերիկեան տոլարով՝ Պէյրութի շուկաներուն մէջ, որպէսզի ղրկուին Թուրքիա:
Նաեւ, Դրամատուներու միութիւնը յայտարարեց, որ երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով, դրամատուները փակ պիտի մնան նաեւ 28 Հոկտեմբերին:
Երկուշաբթի փակ մնացին նաեւ համալսարանները եւ դպրոցները:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ մինչեւ այս պահը չկայ որեւէ որոշում կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու կամ կառավարութեան հրաժարականը ներկայացնելու մասին:
Նոյն կայանը նաեւ կը հաղորդէ, թէ նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին՝ հասնելու համար քաղաքական լուծումի մը: Կողմերը համաձայնեցան խուսափիլ կառավարական դատարկութենէն, եւ եթէ համաձայնութիւն գոյանայ նոր կառավարութեան շուրջ, ընթացիկ գործերը կատարելու կառավարութեան պաշտօնավարումը պէտք չէ քանի մը ժամէն աւելի տեւէ: