ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս դարձեալ թշնամական հովեր փչելու սկսան Կիպրոսի եւ գրաւեալ Կիպրոսի ինքնակոչ իշխանութեանց միջեւ։ Բաւական երկար ժամանակէ ի վեր յարաբերաբար խաղաղ մթնոլորտ կը տիրէր երկու հաւաքականութիւններուն միջեւ, բայց այդ խաղաղ մթնոլորտը այժմ իր տեղը թողած է դարձեալ թշնամանքի եւ այլամերժութեան իրավիճակի մը։
Թրքական աղբիւրներու կողմէ հաղորդուած լուր մը կը պնդէ, թէ Կիպրոսի իշխանութիւնները սկսած են վարել նոր քաղաքականութիւն մը, որուն նպատակն է փոխել Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի բնակչութեան դիմագիծը, այսինքն՝ բարձրացնել շրջանի յոյն բնակիչներուն թիւը։
Ներկայիս փոքրաթիւ յոյներ կ՛ապրին գրաւեալ տարածքներուն մէջ։ Նիկոսիա կ՛ուզէ փոխել այս կացութիւնը եւ դարձեալ բարձրացնել հոն ապրող յոյներուն թիւը։ Այս նպատակով, յատկանշական գումարներ տրամադրուած են եւ նիւթական շատ լայն կարելիութիւններ կը խոստացուին այն երիտասարդ յոյն զոյգերուն, որոնք կը փափաքին բնակութիւն հաստատել գրաւեալ բաժինին մէջ։
Դրամական օգնութիւններ պիտի կատարուին նաեւ մարոնիներուն, եթէ անոնք ընդունին վերադառնալ իրենց նախկին տեղերը ու վերստին ապրին գրաւեալ Կիպրոսի մէջ, ուրկէ հեռացած էին թրքական ներխուժումին իբրեւ հետեւանք։
Կիպրոսի աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ գրաւեալ Կիպրոսի մէջ բնակութիւն հաստատել ուզող ընտանիքներէն զաւակ ունեցողներուն 15,000 եուրօ, իսկ զաւակ չունեցողներուն 10,000 եուրօ պիտի տրուի։ Նախարարութիւնը պայման դրած է, որ գրաւեալ Կիպրոսի մէջ բնակիլ ընդունող երիտասարդ զոյգերը կրօնական պսակ կատարած ըլլան եւ գրաւեալ տարածքներուն մէջ շաբաթը առնուազն չորս օր ապրին։
Նմանօրինակ օժանդակութիւն պիտի կատարուի նաեւ մարոնիներուն։ Մարոնիները 1974ին թուրք բանակին Կիպրոս մտած օրերուն մեծ մասամբ պարպած էին գիւղերը եւ անցած էին յունական բաժինը։ Պատրաստուած նոր օրինագիծին համաձայն՝ գրաւեալ Կիպրոսի մէջ վեց ամիս բնակելէ ետք, մարոնիներուն պիտի տրուին տան կարասիներ եւ այլ իրեր, ու բացի 10,000 եուրոյէն, յաւելեալ 2000 եուրօ։ Այն Մարոնիները, որոնք թրքական բաժինին մէջ խանութ կամ գործ պիտի բանան, պիտի ստանան նաեւ յաւելեալ 3000 եուրօ։
Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ մարոնիներու ներկայացուցիչ Հաճիռուսոս Կիպրոսի նախագահ Անասթասիատիսին յայտնած էր, թէ իր համայնքին գլխաւոր նպատակն է թրքական բաժին վերադառնալ։
Մարոնիները քաջալերելով, Նիկոսիա կը ջանայ համակրելի թուիլ նաեւ Լիբանանին, որովհետեւ Լիբանանի նախագահը Միշէլ Աուն մարոնի է եւ ան վերջերս Օսմանեան կայսրութեան դէմ շատ ծանր արտայայտութիւններ ունեցած էր։
Յայտնի, չէ, թէ թուրքերը ինչպիսի՞ հակազդեցութիւն ցոյց պիտի տան նման նախաձեռնութեանց։