ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան 30 Հոկտեմբերին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ինչպէս նաեւ «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ 29 Հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող բանաձեւին, անոր ծալքերուն եւ տարուած յաղթանակին։
«296 բանաձեւի համաձայն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է պատշաճօրէն ոգեկոչի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերին, որ ԱՄՆ չպէտք է հանդուրժի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ մասնակից դառնայ դրան եւ երրորդ՝ անհրաժեշտ է աշխատանք տանել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդուի դպրոցներում», բացատրեց Կիրօ Մանոյեան՝ դիտել տալով, որ այս բանաձեւը ունի աւելի շատ քաղաքական, քան իրաւական արժէք, քանի որ 35 տարիէ ի վեր պայքար կը մղուի, որ այս բանաձեւը դրուի քուէարկութեան. «Վերջին անգամ ԱՄՆ ներկայացուցիչների պալատում բանաձեւը քուէարկութեան դրուել էր լիագումար նիստի ժամանակ՝ 1985 թուականին, բայց դրանից յետոյ ակտիվացել են Թուրքիայի ջանքերը, ԱՄՆ գործադիր իշխանութիւնը յաճախ խոչընդոտել է, որ օրէնսդիրը նման բանաձեւեր չորդեգրի, եւ 1984ից սկսած բանաձեւ չի քուէարկուել, չի բերուել-հասցուել քուէարկութեան ներկայացուցիչների պալատի լիագումար նիստում: Այս իմաստով էլ է պատմական բանաձեւի ընդունումը»:
Անդրադառնալով այն տեսակէտին, թէ այլ բանաձեւ պիտի ընդունուէր, սակայն ասիկա ընդունուեցաւ՝ Մանոյեան բացատրեց. «Այս բանաձեւը, որ որդեգրուեց, 296 բանաձեւն էր: Բայց նախորդ օրը համապատասխան յանձնաժողովը քննարկում էր, թէ ինչպէս պէտք է որդեգրուի, պէտք էր, որ լիագումար նիստն էլ նման որոշում ընդունէր: 655րդ բանաձեւը դա է, թէ ոնց պէտք է քուէարկուէր: Նախ դրա համար եղաւ քուէարկութիւն, այն ուղիղ գծով բաժանուած էր՝ ըստ քաղաքական կուսակցութիւնների: Դեմոկրատները կողմ էին, հանրապետականները համաձայն չէին, բայց դա աւելի շուտ քաղաքական առեւտուր էր»:
Խօսելով այն երեւոյթին մասին, որ այս քայլը Սպիտակ տան քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն կրնա՞յ ունենալ՝ Մանոյեան յայտնեց. «Սպիտակ տունը ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութիւն է վարում, եւ ոչ ոք չի կարող նրա վրայ ազդել»:
Ըստ անոր՝ նման բանաձեւ կայ Ծերակոյտին մէջ, իսկ հետագայ քաղաքականութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ ներկայ եւ ապագայ նախագահներէն: «Ցանկացած պարագայում, դա կը լինի Սպիտակ տան որոշումը: Սպիտակ տունն անկախ է վարում քաղաքականութիւնը։ Օրէնսդիր մարմինը չի կարող ստիպել Սպիտակ տանը: Դա քաղաքական քայլ էր, քաղաքական յաղթանակ, եւ գործընթացը պէտք է շարունակել: Հարցը վերաբերում է ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմանը, այլեւ ցոյց է տալիս ԱՄՆ հայկական համայնքի ուժը», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
Միւս պնդումը՝ իբր թէ գործադիրը իր տեսակէտը չէ փոխած, կրկին չի համոզեր Մանոյեանը, որովհետեւ, անոր համաձայն, իրականութեան մէջ փոխուած է, քանի որ նախապէս Սպիտակ տունը չէր ձգեր, որ բանաձեւը նոյնիսկ օրակարգի վրայ դրուի, իսկ այս անգամ ոչ միայն մտաւ ու ընդունուեցաւ, այլ նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ, որ իրենք ալ կ՛ընդունին՝ կատարուածը 20րդ դարու մեծագոյն ոճիրներէն է։ «Այսինքն՝ գործադիրին այս բանաձեւն իրաւականօրէն որեւէ բան պարտադրել չի կարող, բայց ստեղծել քաղաքական ֆոն, որ վաղը, եթէ ինչ-որ պատճառով Սպիտակ տունը կամ պետքարտուղարութիւնը ուզենայ «Ցեղասպանութիւն» բառն արտասանել, կարող է», դիտել տուաւ ան։
«Ճիշդ է՝ Թրամփը «ցեղասպանութիւն» բառը չըսաւ, բայց չի բացառուիր, որ վաղը ըսէ՝ այս բոլորը նկատի ունենալով», յայտնեց Մանոյեան։ Անոր համաձայն՝ կարելի է համարել, որ Միացեալ Նահանգներ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ զայն ճանչցած 29 պետութիւններէն միայն 4ը օրէնքով ընդունած է՝ Ֆրանսան, Յունաստանը, Կիպրոսը եւ Արժանթինը, միւսները՝ բանաձեւով որդեգրած են։
«Ինչո՞ւ չենք ասում, որ Ամերիկան ճանաչել է, եթե Բելգիայի Սենատի բանաձեւը բաւարար է, որ ասենք՝ Բելգիան ճանաչել է, այն դէպքում, որ Բելգիայի վարչապետն ամէն օր «ցեղասպանութիւն» բառը չի օգտագործում: Եթէ Ռուսաստանի Դումայի մէկ անգամուայ բանաձեւը բաւարար է, որ ասենք՝ Ռուսաստանը ճանաչել է, ինչո՞ւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատի երկու բանաձեւերը՝ 1975 եւ 1984 թուերի, բաւարար չեն։ Հիմա արդէն ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատի այս նոր բանաձեւը սրբագրում է այդ ճանաչումը», ընդգծեց Մանոյեան։
Ան նաեւ արձանագրեց, որ բանաձեւի ընդունումը վերջնական հանգրուան է, որեւէ այլ մարմինի պիտի չփոխանցուի՝ հաստատման, ասիկա Ներկայացուցիչներու տան դիրքորոշումն է, որ քաղաքական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Ընդ որում՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը նմանօրինակ բովանդակութեամբ այլ բանաձեւ արդէն կայ։ Կրնան նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ներկայացնել, բայց բոլորը պիտի ըլլան բանաձեւեր եւ ոչ օրէնքներ։
«Թուրքիայի արտգործնախարարութիւնը ախմախօրէն ասում է, որ չկայ միջազգային որեւէ ատեան, որը Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը արձանագրած լինի, բայց այս դէպքում միջազգայինը չի կարող տեղականից բարձր լինել՝ Թուրքիայի դատարանն արդէն վճիռներ ունի։ Թուրքիայի այս ջանքերը եւս նման բանաձեւերով պիտի ինչ-որ տեղ վերջանան», յայտնեց Կ. Մանոյեան՝ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ մէջ ասիկա մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ յատկապէս այն հատուածին վրայ, որ պատրաստ է մտածելու եւ իրեն մատուցուածէն այլ բան տեսնելու։
Ան նաեւ նշեց, որ միջազգային իրաւունքը բաւական արագ զարգացող իրականութիւն է, եւ եթէ այսօր Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկելու գործիքակազմը բաւարար չէ, ատիկա չի նշանակեր, որ վաղը գոյութիւն պիտի չունենայ։
Մանոյեանի համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը միայն ճիշդ քաղաքական կողմնորոշման խնդիր չէ, այլ նաեւ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ հայ համայնքի տասնամեակներու հետեւողական աշխատանքի եւ անոնց քաղաքական ուժի ցուցադրութիւնն է։ «Հայ Դատի յանձնախումբը հազարաւորներից կազմուած՝ արագ քաղաքական արձագանգման ջոկատ ունի. հազարաւորներ կան գրանցուած, որոնք, եթէ յանկարծ կարիք զգացուի՝ կապուել իրենց ներկայացուցչի կամ ծերակոյտի անդամի հետ, անմիջապես անում են։ Այսինքն, այդքան մարդ մոբիլիզացվել է (գործի լծուած-Խմբ.)», ըսաւ ան՝ շարունակելով. «Հայ Դատի յանձնախմբերը միայն հայ ժողովրդին են պարտական, միայն հայ ժողովրդից են կախուած՝ այս կամ այն քաղաքական աղբիւրից կախուած չեն, իսկ լոբիինգը բազմաթիւ ուղղութիւններով աշխատանք է»։ Անոր համաձայն՝ եթէ ամերիկահայութեան թիւը քիչ ըլլար, եւ ամերիկահայերը քաղաքականօրէն այդքան աշխոյժ չըլլային, այս բանաձեւը չէր ընդունուեր, իսկ այն տեսակէտները, թէ Միացեալ Նահանգներ ասիկա ըրաւ Թուրքիան պատժելու համար, այդքան ալ արդարացի չեն, որովհետեւ Թուրքիան պատժելու այլ ձեւեր կան, ինչպէս նոյն օրը՝ Սուրիոյ հարցով Թուրքիան պատժելու բանաձեւ որդեգրուեցաւ։
Խօսելով այն մարդոց մասին, որոնք կը թերագնահատեն բանաձեւին արժէքը, Մանոյեան այսպէս բնութագրեց. «Անշուշտ, հենց մեզ մօտ էլ կան ցինիկներ, որ ասում են, թէ բանաձեւն արժէք չունի, ի զուր ճիգ են թափել: Նրանք թող գնան իրենց հասկացած ձեւով իրենց աշխատանքը տանեն: Բայց պիտի ընդունել, որ աշխարհի գերհզօր պետութիւններից մէկի խորհրդարանի երկու պալատներից մէկը առնուազն երկու ժամ տրամադրեց երէկ այս հարցին: Եթե մարդիկ կարծում են, որ ԱՄՆ ներկայացուցիչների պալատը երկու ժամ զբաղեցնելը խաղ ու պար է, թող իրենք գնան անեն: Սա հացուպանիրի հարց չի լուծելու, բայց նաեւ քաղաքական ազդեցութեան հարց է: Ընդհանրապես սա ամերիկեան համայնքի, Հայ Դատի քաղաքական ոյժի ցուցադրութեան հարցն էր»։
Անդրադառնալով Թուրքիոյ հետագայ գործողութիւններու՝ Մանոյեան նշեց, որ այդ երկիրը պիտի փորձէ պառակտել հայերը: «Եւ այդ քաղաքական մարմնամարզութիւնը բացասաբար կ՛անդրադառնայ հենց թուրքական հասարակութեան վրայ: Երդուեալ մերժողները կը մնան իրենց կարծիքին, իսկ մտածող մասը էլ աւելի շատ կը մտածի», դիտել տուաւ ան:
«Երէկ Թուրքիայի Հանրապետութեան տարեդարձն էր, կարելի է ասել՝ հարամ եղաւ։ Ոչ թէ նպատակը դա էր, թուականը մենք չենք ճշդել, այդպես ստացուեց։ Չի բացառւում, որ կոնգրեսականները այդ հաշիւը առել են, բայց գոնէ մեր հաշուարկը դա չէր։ Բայց այսօր (30 Հոկտեմբեր-Խմբ.) արդէն Արցախին նուիրուած ամենամեայ նշում կայ նոյն Կոնգրեսի շէնքում, Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարն այնտեղ է, կողմ քուէարկած կոնգրեսականների մի մասն առնուազն, համոզուած եմ, ներկայ է լինելու. սա էլի քաղաքական ուժի ցուցադրութեան հետեւանքն է, որ մարդիկ գալիս են», ընդգծեց Կ. Մանոյեան։
Ըստ անոր՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը ինքնաբերաբար պիտի ազդէ Թուրքիոյ վրայ. «Սպիտակ տունը, օրինակ, Թուրքիայի օժանդակութիւնը 5 միլիարդով աւելացնելու առաջարկ չի յանդգնի բերել Կոնգրեսի հաստատմանը՝ հաշուի առնելով, որ Ներկայացուցիչների պալատի գրեթէ բոլոր անդամները՝ երկու կուսակցութիւններից, դէմ են. քաղաքական մթնոլորտը նպաստաւոր չէ»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ինքնամխիթարական պնդումը՝ իբր թէ բանաձեւը իրաւական ուժ չունի եւ միայն ամերիկահայութիւնը սիրաշահելու համար է տեսակէտին արձագանգելով՝ Մանոյեան նշեց. «Ներկայացուցիչների պալատի 435 անդամից եթէ 405ը կողմ է քուէարկել՝ ամերիկահայութեանը սիրաշահելու համար, ուրեմն՝ բրաւօ ամերիկահայութեանը», եզրափակեց ան։