ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս, ամէն Շաբաթ առտու կը ստեղծուի եռուզեռ մը, երբ հայ աշակերտներ, ուսերնին պայուսակներ շալկած, կը յաճախեն ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի «Սալբի Հացպանեան» շաբաթօրեայ վարժարան:
Աշակերտները ժպիտով մուտք կը գործեն վարժարան, ուր զիրենք կը դիմաւորեն հայ լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցումին նուիրուած ուսուցչական կազմը:
Աշակերտութեան առօրեան կը սկսի առաւօտեան ժամը 10ին Տէրունական աղօթքով, որուն կը յաջորդէ Հայ աշակերտին ուխտն ու Հայաստանի օրհներգը՝ «Մեր Հայրենիք»ը:
Ապա աշակերտները կը սկսին իրենց դասապահերուն: Վարժարանէն ներս կը դասաւանդուին հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայ երգ եւ հայ մշակոյթ իր լայն առումով:
Աշակերտութեան թիւը, որ ներկայիս կը հասնի 80ի, բաժնուած է 7 դասարաններու տարիքային եւ լեզուական մակարդակներով, ինչպէս նաեւ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն բաժիններով: Արեւելահայերէնի դասաւանդութեան ծրագիրը ծնունդ առաւ Հոկտեմբեր ամսուն: «Ուրախ ենք, որ վերջապէս հասանելի դարձանք նաեւ արեւելահայ աշակերտներու մեր այս նոր ծրագիրով», ընդգծեց ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ժարմէն Միրզախանեան:
Սկսեալ 2013էն, տնօրէնութեան պաշտօնը ստանձնած է Ալին Պզտիկեան Շիրաճեան: Ներկայիս ուսուցչական կազմին մաս կը կազմեն՝ Անի Չօլոյեան, Մարալ Արամեան, Լորի Շիրաճեան, Միրնա Սարգիսեան, Ռուլա Ղազարեան, Աննա Մելիքսէթեան, Անիթա Արապեան, Հուրի Աքրապեան եւ Լուսինէ Մելիքսէթեան:
«Հացպանեան» վարժարանը, որ կը կրէ իր նախկին տնօրէնուհիին անունը, այժմ իր տասը ուսուցչուհիներու կողքին ունի նաեւ պատանի կամաւոր օգնականներ, որոնք վարժարանի նախկին շրջանաւարտներ են: Յակոբ Արապեան, Շանթ Ռաճոյեան, Մարիամ Յակոբեան եւ Նայիրի Մանուկեան, 2017ի շրջանաւարտներ, երրորդ տարին ըլլալով ամէն շաբաթ կը միանան ուսուցչական կազմին՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով:
«Այս երեւոյթը քաջալերական է եւ յաւելեալ ներշնչում կը բերէ վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ մասնաճիւղի վարչութեան», ըսաւ վարժարանի տնօրէնուհին: Ան աւելցուց նաեւ, թէ վարժարանի ուսուցչական կազմը ջանք չի խնայէր նորութիւններով, տեսերիզներով, ձեռային աշխատանքներով ներգրաւելու հայ աշակերտները, որոնք յաճախելով ամերիկեան սեփական կամ հանրային վարժարաններ, հեռու կը մնան հայեցի դաստիարակութենէ:
Շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս կը նշուին եւ կը տօնուին հայկական աւանդական տօներ, տեղի կ՛ունենան Նոր տարուան, Ս. Զատկուան եւ ամավերջի հանդէսներ, թատերական ներկայացումներ, նորաձեւութեան հանդէս, կը ձեռնարկուին հետաքրքրական եւ անուանի հիւրերու այցելութիւններ, հայոց պատմութեան եւ ընդհանուր զարգացման մրցոյթներ, Ապրիլեան ոգեկոչումներ, եկեղեցական հաղորդութիւն, արտադասարանային պտոյտներ:
Խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէ դպրոցէն ներս, որուն իբրեւ արդիւնք, վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին աշակերտութեան թիւը հարիւր տոկոս աճ արձանագրած է, հակառակ այն իրականութեան, որ Կլենտէյլի շատ մը հանրային դպրոցներ հայերէն դասարաններ ընդգրկած են իրենց ծրագիրներուն մէջ, եւ գոյութիւն ունին նաեւ այլ շաբաթօրեայ վարժարաններ:
«Մեր դպրոցին վերելքը կը պարտինք մեր անձնուէր ուսուցչական կազմին, «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան անսակարկ նուիրումին եւ մեր ծնողներու աջակցութեան», կ՛ըսէ վարժարանի տնօրէնուհին: «Մեր ուսուցչական կազմը ջանք չի խնայեր, որպէսզի ամուր պահէ հայ աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը հայկական նիւթերու հանդէպ: Հոս ծնողքի մը քաջալերանքը նաեւ մեծ դեր կը խաղայ, սատարելու հայ դասատուին առաքելութեանը», աւելցուց ան:
Դպրոցը ունի իր «Ֆէսպուք»ի էջը, ARS S. Hatsbanian Saturday School անուան տակ, ուր տեղադրուած են պատկերներ վարժարանի առօրեան ներկայացնող յիշատակելի պահեր:
Դպրոցի տարեկան կրթաթոշակն է 300 տոլար: Կ՛ընդունուին 4 տարեկանէն սկսեալ երեխաներ: Դպրոցական տարեշրջանը կ՛երկարի Օգոստոսի կէսէն մինչեւ Յունիսի երկրորդ շաբաթը, որ համապատասխան է Կլենտէյլի հանրային վարժարաններու ուսումնական տարեկան օրացոյցին, սակայն արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամբողջ տարուան ընթացքին: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար կարելի է վարժարանին հետ կապուիլ՝ sepanschool@yahoo.com հասցէով կամ հեռաձայնելով՝ (818) 261-8647 թիւին:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)